ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ԱՐՁԱԿԱԾ ԱՄԲԱՍՏԱՆԱԳԻՐԻՆ ԳԾՈՎ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրին գծով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտայայտած կեցուածքները նկատեց ձախող կեցուածքներ: Հարիրի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ահաբեկման յանցանքով ամբաստանուողը շիի համայնքը չէ, այլ` միայն Հըզպալլայի չորս անդամներ:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ ամբաստանագիրներուն հետ երկուութեամբ վարուելու որոշումին:

Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ ներկայիս գնդակը կը գտնուի Հըզպալլայի դաշտին վրայ, որովհետեւ այլեւս յստակ դարձած է, թէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանուողները իր անդամներն են:

Վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրը ոչ մէկ նորութիւն բերած է, ընդհակառակն` անիկա հաստատած է ատեանին նկատմամբ Հըզպալլայի անվստահութիւնը, իր քաղաքականացած ըլլալու բնոյթին պատճառով:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին կողմէ գաղտնազերծուած ամբաստանագիրը կը նկատուի իսկական փաստ մը:

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ` անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանին արձակած ամբաստանագիրին, յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամէնէն սկսնակ դատախազն անգամ կ՛ամչնայ նման ամբաստանագիր մը արձակելէ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը գնահատեց Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքը եւ Լիբանանի կառավարութեան կոչ ուղղեց զօրակցելու այդ ատեանին աշխատանքներուն:

Share this Article
CATEGORIES