ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Անդրադարձ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Տիար», «Անուար», «Սաֆիր», «Լիուա» եւ «Շարք» օրաթերթերը):

– Լրատուութիւն այն մասին, թէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներ ստանձնեցին իրանեան-թրքական կազատար մը պայթեցնելու գործողութեան պատասխանատուութիւնը:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», եւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթերը):

– Անդրադարձ` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ երեք թուրք զինուորներու սպանութեան:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», եւ «Անուար» օրաթերթերը):

– Լիբանանահայ մարզիկներ մեկնեցան Հայաստան` մասնակցելու համար Համահայկական 5-րդ խաղերուն: Երեւան մեկնող 60 մարզիկ հաշուող պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՄԸՄ-ի, Անդրանիկի եւ ՀՄՄ-ի մարզիկներ, իսկ պատուիրակութեան նախագահեց Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի անդամ Նշան Համամճեան:

Մարզիկները պիտի մասնակցին տարբեր մարզախաղերու, ինչպէս` պասքեթպոլ, աթլեթիզմ,  մինի ֆութպոլ եւ ճատրակ:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Սաֆիր», «Տիար», «Անուար» եւ «Սատա Պալատ» օրաթերթերը):

– Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 2020-ի Ողիմպիական ամառնային խաղերը հիւրընկալելու Թուրքիոյ թեկնածութիւնը յայտարարեց:

– Լրատուութիւն` ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ Զահլէի ու Պեքաայի առեւտրականներու եւ ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումին եւ քննարկուած աշխատանքային ծրագիրներուն մասին:

«ԹԱՀԹԵԼ ՄԱԺՀԱՐ» ԿԱՅՔԷՋ

– Հարցազրոյց` Հայ-սուրիական առեւտրականներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զեքի Ետալեանի հետ: Հարցազրոյցին ընթացքին Ետալեան կ՛անդրադառնայ Սուրիոյ տնտեսական կացութեան, երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւններուն առընթեր տնտեսական կացութիւնը կայուն պահելու նպատակով որդեգրուած բոլոր քայլերուն, ինչպէս նաեւ Հայ-սուրիական առեւտրականներու խորհուրդին հիմնադրութեան, առաքելութեան եւ  աշխատանքներուն:

«ՊԱՅԱՆ ԻՔԹԻՍԱՏԻԱ»

– Լրատուութիւն` Հայաստանի մէջ «Պիպլոս» դրամատան երրորդ մասնաճիւղի բացումին մասին: Նշուած է նաեւ, որ 2007-էն ի վեր Հայաստանի մէջ «Պիպլոս» դրամատան երրորդ մասնաճիւղը կը գտնուի Վանաձորի մէջ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»

– Լրատուութիւն այն մասին, Թուրքիա կը նախատեսէ, որ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն իմաստով միջազգային միջամտութիւնները հետզհետէ աւելի շեշտուին եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ յաւելեալ ճնշումներ բանեցուին:

«ՏԻԱՐ»

– Լրատուութիւն. հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային ներկայացուց Թուրքիա կատարած իր վերջին այցելութեան արդիւնքները:

– Լրատուութիւն` ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ Զահլէի ու Պեքաայի առեւտրականներու եւ ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումին եւ քննարկուած աշխատանքային ծրագիրներուն մասին:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»

– Լրատուութիւն` երեսփոխան Ղազի Եուսեֆի կատարած զրպարտութիւններուն դէմ նախկին նախարար Ալեն Թապուրեանի պատասխանին մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Լորիան լը Ժուր», «Ախպար», «Շարք» եւ «Սաֆիր» օրաթերթերը):

– Անդրադարձ` «Պիել»ի մէջ տեղի ունեցող արուեստագէտ Ժան Պօղոսեանի ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Պըրնինկ» անունը: Ցուցահանդէսին նիւթն է կրակը եւ այրող թուղթերն ու կերպասները, եւ ներկայացուած են այդ նիւթով արուեստի գործեր: Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ յառաջիկայ 18 սեպտեմբեր:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Նահար», «Լորիան լը Ժուր» եւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթերը):

 

 

Share this Article
CATEGORIES