50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ՕԳՈՍՏՈՍ 1961)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍԻ ՄԷՋ

Պուէնոս Այրեսի մեր պաշտօնակից «Արմենիա»էն գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, թէ գաղութին համար հաստատուած է հայագիտական դասընթացք մը: Այդ առթիւ «Արմենիա» կը գրէ.-

Վերջապէս ա՛յն, որ մինչեւ այսօր իբրեւ բաղձանք եւ ծրագիր միայն գոյութիւն ունէր, դարձաւ իրականութիւն:

Հայագիտական դասընթացքը, կազմակերպուած` կրթական յանձնախումբին կողմէ, յաջողապէս սկսաւ աւելի քան երեսուն հետեւողներով, որոնց ճնշիչ մեծամասնութիւնը հայուհիներ են, եւ որոնք կա՛մ արդէն ուսուցչական ասպարէզին կը հետեւին եւ կամ աւարտած են պետական  մանկավարժական հաստատութիւնները եւ պատրաստ են ընդգրկելու ուսուցչական ասպարէզը:

Կը յուսանք, որ դասընթացքին հետեւողներուն թիւը պիտի աւելնայ մօտ ատենէն` աւելի լայն եւ ամուր հիմերու վրայ դնելու համար ձեռնարկը, որուն յաջողութեան եւ տեւականացման համար ազգային կրթական մարմիններ պատրաստ են ընելու նիւթական եւ բարոյական ամէն զոհողութիւն:

Ինչպէս նախապէս առիթը ունեցանք ըսելու ներկայ պայմաններուն մէջ, մէկէ աւելի պատճառներով, հնարաւոր չէ գաղութիս ուսուցիչի  պակասը հոգալ` արտասահմանէն կրթական մշակներ ճարելով:

Հնարաւոր չէ նախ անոր համար, որ աւելի հայաշատ եւ կրթական միջնակարգ հաստատութիւններով օժտուած գաղութներն անգամ ուսուցիչի պէտք ունին:

Ապա ազատ ուսուցիչներ կամ կրթական ասպարէզի թեկնածուներ գտնելու պարագային իսկ մեր գաղութի պայմանները թոյլատու չեն զանոնք նիւթապէս գոհացնելու, գոնէ այն չափով, որ կարենան բնակարանի վարձք տալ եւ հոգալ նաեւ իրենց ապրուստը, որքան ալ համեստ ըլլայ ան:

Ահա թէ ինչո՛ւ, երբ ճիգեր կ՛ըլլան բարելաւելու մեր դպրոցներու նիւթական վիճակը, անհրաժեշտ կը դառնայ մտածել նաեւ անոնց կրթական-դաստիարակչական մակարդակին մասին, այլապէս շէնքերու վրայ ծախսուած մեծամեծ գումարները ոչինչով կրնան ծառայել իրենց նպատակին:

Գաղութիս մէջ ալ զգացուած «ուսուցչական սով»ին իբրեւ դարման կազմակերպուած հայագիտական դասընթացքի միակ միջոցն է, որով կարելի պիտի ըլլայ օժտել մեր վարժարանները քիչ թէ շատ որակեալ ուսուցչական կազմերով:

Ահա երկրորդ շաբաթն է, որ դասերը տեղի կ՛ունենան եւ արդէն մտած են իրենց բնական հունին մէջ:

Առ այժմ կ՛աւանդուին` հայ լեզու, հայոց պատմութիւն, Հայաստանի աշխարհագրութիւն եւ հայ գրականութեան պատմութիւն: Ապագային ասոնց վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ այլ նիւթեր, որոնք անհրաժեշտ են հայ վարժարաններու մէջ պաշտօնավարելու կոչուած կրթական մշակներուն համար:

Հայագիտական դասընթացքը   կոչուած է բարձրացնելու ինչպէս ուսուցիչներուն, այնպէս ալ աշակերտներուն ուսման եւ կրթութեան մակարդակը:

Մաղթենք, որ ան լիովին ծառայէ այն նպատակին, որուն համար կեանքի կոչուած է:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ԽՈՒՄԲԸ
ԴԱՄԱՍԿՈ՞Ս ԿՈՒ ԳԱՅ

Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին մէջ կը կարդանք.-

Ամսոյս 25-ին բացումը պիտի կատարուի Դամասկոսի միջազգային տօնավաճառին, որ պիտի տեւէ մինչեւ սեպտեմբեր 20: Այս առթիւ համաշխարհային համբաւի տիրացած արուեստագիտական խումբեր, ինչպէս` ամերիկեան պալէի խումբը, լիբանանցի հռչակաւոր երգչուհի Ֆէյրուզ եւ իր խումբը եւ սպանական պալէի խումբը ներկայացումներ պիտի տան:

Կ՛իմանանք, թէ նոյն նպատակին համար Հայաստանէն Դամասկոս պիտի գայ Հայկական ժողովրդական երգի եւ պարի համոյթը, որ ներկայացումներ պիտի տայ 6 – 10 սեպտեմբեր 1961-ին:

Share this Article
CATEGORIES