ՄԱՖՖԸՆՆԵՐԷՆ, ՔՈՒՔԻՆԵՐԷՆ ԵՒ ՔԱՓՔԷՅՔՆԵՐԷՆ ԵՏՔ` ՈՒՈՒՓԻՆԵՐԸ
Ուուփին ալ Միացեալ Նահանգներէն եկած անուշեղէն մըն է: Ամերիկեան նշանաւոր «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին կողմէ անիկա ընտրուած է «2010-ի անուշեղէն»ը:
Այս մանր քաղցրեղէնները նուաճած են ամերիկեան խանութներն ու փուռերը:
* * *
Ամերիկացիները շատ կը սիրեն անուշոտ եւ գունաւոր պզտիկ կարկանդակները: Անոնք այդ փոքր կարկանդակները օրուան նորոյթին կը յարմարցնեն, ապա անոնք Ատլանտեանը կտրելով կը հասնին Հին Աշխարհ: Այս ձեւով, մենք գրեթէ բոլոր խանութներուն եւ փուռերուն մէջ կը գտնենք քուքիներ եւ մաֆֆըններ: Իսկ հիմա կարգը եկած է քափքէյքներուն եւ ուուփիներուն:
* * *
Քափքէյքները պզտիկ կակուղ կարկանդակներ են, որոնք գաւաթի նման («քափ» կը նշանակէ գաւաթ, «քէյք»` կարկանդակ) կաղապարներու մէջ շինուած են: Անոնք քաղցր են եւ ծածկուած կարագով եւ փոշի շաքարով պատրաստուած քրէմով մը:
Ուուփիները կը նմանին պզտիկ սանտուիչներուն, որոնց մէջ քրեմ դրուած է: Սկզբնական ուուփին կազմուած է տուրմէ երկու պիսքուիներէ, որոնց միջեւ դրուած է մարշմելոյով քրեմ մը:
Ի՞ՆՉ Է ՊԱՀԱԾՈՅԻ ՏՈՒՓ ՄԸ
Խոհագիր. պզտիկ ոլոռներ եւ ստեպղիններ դնել ալիւմինիոմէ տուփի մը մէջ. տուփին մէջի օդը հանել, անմիջապէս գոցել, զայն տաքցնել 120 աստիճան տաքութեամբ` բոլոր մանրէները ոչնչացնելու համար: Այս ձեւով դուք ձեր ոլոռները եւ ստեպղինները պահածոյի վերածած պիտի ըլլաք:
* * *
Այս կերպը հնարած է ֆրանսացի Նիքոլա Ափփեր 1795 թուականին: Այդ ժամանակաշրջանին ուտելիքները կը պահուէին առանց օդի ապակիէ անօթներու մէջ: Ապա, 1810 թուականին, անգլիացի Փիթըր Տուրան կը յղանայ աւելի աժան ճերմակ երկաթէ տուփեր շինելու գաղափարը: Սակայն որովհետեւ ան մոռցած է տուփ բանաիլքը հնարելը… այդ ժամանակ մարդիկ մուրճ մը եւ փորագրելու հաստ գամ մը կը գործածէին տուփերը բանալու համար:
* * *
Առաջին տուփ բանաիլքը յղացաւ ամերիկացի Էզրա Ուարնըր 1858 թուականին: Անիկա սեղանին ծայրը անցուելէն ետք դարձուող, յատուկ կոթով մեքենայ մըն էր: Իսկ մենք այժմ կրնանք գործածել ելեկտրական տուփ բանալիքներ, կրնանք գործածել տուփ բանալիքի չկարօտող պահածոյի տուփեր կամ նոյնիսկ սառեցուած ճաշեր ուտել:
* * *
Սառեցուած ճաշերու պատրաստութեան ընթացքին գործածուած ոճը պահածոներու թեքնիքին հակառակն է: Ուտելիքները, օրինակի համար մեր ոլոռն-ստեպղինները, -35-էն մինչեւ -196 աստիճան ջերմաստիճանի մէջ կը դրուի. այս ձեւով անոնց պարունակած ջուրը կը սառի, եւ այդպիսով փտումը կը դանդաղի: Ապա այս սառեցուած ուտելիքները պէտք է սառնարանին մէջ սառի դարակին մէջ դրուին, նուազագոյնը -18 աստիճանի մէջ:
* * *
Իսկ նոյնիսկ եթէ դուք ոլոռն-ստեպղինները չէք սիրեր, նայեցէք սառի դարակին մէջ… կրնայ ըլլալ հոն պաղպաղակներ ալ կան:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ՄԱՐՇՄԷԼՈՅՈՎ ՈՒՈՒՓԻ
Պէտք ունիս.- 125 կրամ կարագ, 125 կրամ տուրմ, 3 հաւկիթ, 220 կրամ փոշի շաքար, 250 կրամ ալիւր, կէս թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր, 3 ապուրի դգալ լեղի քաքաօ, մարշմէլօ կամ պտուղի անուշ:
Պատրաստութիւն
– Կարագը դնել փոքր կաթսայի մը մէջ, աւելցնել կտրտուած տուրմը:
– Այս երկուքը հալեցնել թեթեւ կրակի վրայ:
– Հաւկիթները դնել խորունկ ամանի մը մէջ, ապա աւելցնել շաքարը:
– Հարիչով շատ լաւ զարնել այս խառնուրդը:
– Այս խառնուրդը տուրմին վրայ աւելցնել` լաւապէս խառնելով:
– Խորունկ ամանի մը մէջ իրարու խառնել ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը եւ քաքաոն, ապա այս չոր խառնուրդը կամաց-կամաց աւելցնել տուրմի խառնուրդին վրայ:
– Կրակը վառել 180 աստիճանի վրայ:
– Փուռի յատուկ ափսէի մը մէջ կարագ քսել եւ քիչ մը ալիւր սրսկել. պզտիկ դգալով խմորի պզտիկ կոյտեր դնել: Մօտաւորապէս ութը վայրկեան եփել:
– Պիսքուիներուն կէսը հանել ափսէին մէջէն եւ ձգել, որ պաղին: Մնացած պիսքուիները դարձնել ափսէին մէջ, եւ իւրաքանչիւրին վրայ դնել մարշմէլօ մը: Ափսէն փուռին մէջ դնել 2 – 3 վայրկեան կամ մինչեւ մարշմէլոները կակուղնան:
– Ափսէն հանել փուռէն, ձգել, որ պիսքուիները քիչ մը պաղին: Ապա միւս պիսքուիները անոնց վրայ դնել եւ քիչ մը սեղմել իրարու:
– Կարելի է նաեւ մարշմէլոյի փոխարէն երբ բոլոր պիսքուիները քիչ մը պաղին անոնց միջեւ պտուղի անուշ դնել:
ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ
- Ուղեղի բջիջները շատ աւելի երկար կ՛ապրին, քան` մեր մարմնին մէջ ուրիշ որեւէ մէկ բջիջ:
- Ըստ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, մենք ընդհանրապէս վատ տրամադրութիւն կրնանք ունենալ հինգշաբթի օրերը:
- Աշխարհի թթուածինին կէսը կը շինուի ովկիանոսին մէջ:
- Չինաստանի մէջ խճողում մը տեւած է աւելի քան մէկ շաբաթ:
- Առաջին համակարգիչը թենիսի դաշտի մը նման երկար էր:
- Սարդերուն մէկ մասը ութ աչք ունի:
- Անգլիոյ մէջ կարապներուն մեծ մասը թագուհիին կը պատկանի:
- Երեւակ մոլորակը աւելի քան 60 լուսին ունի:
- Աշխարհի ամէնէն մեծ ժայռը Աւստրալիոյ մէջ Ուլուրուն է: Անոր բարձրութիւնը հաւասար է 114 յարկանի շէնքի մը:
- Վարդի բոյրի նման անուշ բոյրեր շնչելը քնանալու ժամանակ կրնայ հաճելի երազներ յառաջացնել:
- Կարմիր ձուկ մը (կոլտֆիշ) մոխրագոյնի կը վերածուի, եթէ երկար ժամանակ մութին մէջ պահուի:
ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս գիտնալ, թէ որ դրան ետեւը կը գտնուի վագրը` գիտնալով, թէ դուռերուն տակի չորս նախադասութիւններէն երեքը սխալ են:
Ա.- Վագրը Բ-ին կամ Գ-ին ետեւն է:
Բ.- Վագրը Ա-ին կամ Դ-ին ետեւն է:
Գ.- Վագրը հոս է:
Դ.- Վագրը հոս չէ:
Մանկապատանեկան էջը պատրաստեց՝
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ






