ԱՐՍԵՆԱԼԻ ՄԱՐԶԻԿ ՍՈՆԿ ԵՒՍ ԵՐԵՔ ՄՐՑՈՒՄՈՎ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՒ

Ժերվինիօ

Ալեքս Սոնկ

Նախանցեալ օր Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Արսենալի մարզիկներէն Ժերվինիօ երեք մրցումով կախակայուեցաւ, որովհետեւ Փրեմիեր լիկի բացման մրցումին (Նիւքեսըլի դէմ) կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Նոյն ճակատագիրին ենթարկուեցաւ անոր խմբակից Ալեքս Սոնկ` նոյն այդ մրցումին ոչ մարզավայել կեցուածք մը ունենալուն պատճառով:

Այժմ անոնք երկուքն ալ պիտի չկարենան դաշտ ներկայանալ Արսենալի կատարելիք յաջորդ երեք մրցումներուն` Լիվըրփուլի, Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Սուանզիի դէմ:

Սակայն ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Սոնկ իր մասնակցութիւնը կրնայ բերել Ուտինեզէի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»ի դարձի մրցումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES