«ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ». ՌԷՅՆՃԸՐԶ, Ա. ԷՍ. ՌՈՄԱ, ՍԵՒԻԼԼԱ ԵՒ ՇԱԼՔԷ ԴԱՐՁԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԿՐՆԱՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊԻԼ
«Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի փլէյ-օֆի երթի մրցումներուն, Ռէյնճըրզ, Ա. Էս. Ռոմա, Սեւիլլա, Շալքէ եւ ուրիշներ, որոնք օտար դաշտերու վրայ պարտութիւններ կրեցին, դարձին կրնան դժուարութիւններու հանդիպիլ: Եթէ անոնք չկարենան իրենց դաշտերուն վրայ յաղթանակ արձանագրել, կրնան դուրս մնալ մրցաշարքէն:
Ռէյնճըրզ պարտուեցաւ Մարիպորէն (Սլովենիա, 2-1), Ա. Էս. Ռոմա` Սլովան Պրաթիսլաւայէն (Սլովաքիա, 1-0), Սեւիլլա` Հանովըր-96-էն (Գերմանիա, 2-1), իսկ Շալքէ` Հելսինքիէն (Ֆինլանտա, 2-0):
Լացիօ Ռոմա հանդիսացաւ մեծագոյն յաղթականը` 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ռապոթնիքի Սքոփյէն (Մակեդոնիա):
Թոթենհամ յաղթեց Հարթցի (5-0), իսկ Փարիզ Սեն Ժերմեն Տիֆերտանկ-03-ի (Լուքսամպուրկ)` 4-0 արդիւնքով:
CATEGORIES Մարզական