ՍԱՊԵԼԼԱ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԲԵՐ ԿԱԶՄԵՐ. ՌԻՔՈՒԵԼՄԷ ԵՒ ՎԵՐՈՆ ՀՐԱՒԻՐՈՒԵՑԱՆ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲ

Խուան Սեպասթիան Վերոն

Խուան Ռոման Ռիքուելմէ

Երկու շաբաթ առաջ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնած Ալեխանտրօ Սապելլա (որ փոխարինեց Սերճիօ Պաթիսթան), երէկ իր կազմին միացուց Խուան Ռոման Ռիքուելմէն եւ Խուան Սեպասթիան Վերոնը, որպէսզի անոնք եւ «տեղացի» մարզիկները պատրաստուին յառաջիկայ ամիս Պրազիլի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական միջազգային երկու մրցումներուն:

Սապելլա յառաջացուց այլ կազմ մըն ալ, որուն մաս կը կազմեն «եւրոպացի» մարզիկներ, որոնք Ասիոյ մէջ տեղի ունենալիք մրցումներուն պիտի մասնակցին:

Թէեւ այս վերջին կազմէն Քարլոս Թեւեզ դուրս մնաց, սակայն Լուչիօ Կոնզալես, Խոնաս Կութիերեզ, Մարթին Տեմիշելիս եւ Նիքոլա Օթամենտի նկատի առնուեցան:

Նշենք, որ Արժանթինի «եւրոպացի» մարզիկները պիտի մասնակցին Վենեզուելայի (2 սեպտեմբեր) եւ Նիկերիոյ դէմ (6 սեպտեմբեր) տեղի ունենալիք մրցումներուն, իսկ «տեղացի» մարզիկները` Պրազիլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն (14 եւ 28 սեպտեմբեր):

Սապելլա այս չորս մրցումները կը կատարէ, որովհետեւ անոր ժամանակը շատ սեղմ է` պատրաստուելու համար 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին: Անիկա 7 հոկտեմբերին պիտի հիւրընկալէ Չիլին, իսկ 11 հոկտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Վենեզուելայի:

 

Share this Article
CATEGORIES