«ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏՈՒՈՂՆԵՐ ՉԿԱՆ. ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ՀԱՅԸ, ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ» ԸՍԱՒ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Երէկ` ուրբաթ, 19 օգոստոսին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Համահայկական 5-րդ խաղերու Պոլսոյ կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին կոմիտէի ատենապետ Ղազարոս Ունանը, փոխատենապետներ Կարօ Համամճիօղլուն, Գարուն Գովանը, անդամներ Հայկարամ Քարասուն, Ռոմանոս Ճեզուեճեանը եւ Նազար Հանչերը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը:

Համահայկական 5-րդ խաղերուն Պոլիսէն ժամանած է 150 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն: Պոլսահայ մարզիկները կը մրցին 8 մարզաձեւի մէջ` ֆութպոլ, ֆութսալ, վոլիպոլ, պասքեթպոլ, թենիս, լողարշաւ, աթլեթիզմ եւ ճատրակ:

Ողջունելով հիւրերը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ուրախութեամբ նշեց, որ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին նուիրուած «միասնութիւն մարմնակրթութեան միջոցով» նշանաբանով իրականացուող Համահայկական 5-րդ խաղերուն Պոլիսէն ժամանած պատուիրակութիւնը ամէնէն պատկառելիներէն է:

«Համահայկական խաղերուն պարտուողներ չկան, համահայկական խաղերուն կը յաղթեն բոլորը. կը յաղթէ հայը, հայութիւնը», նշեց նախարար Հ. Յակոբեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պոլսահայութեան կրթական, մշակութային, երիտասարդութեան հիմնախնդիրներուն առնչուող հարցեր: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն եւ ձեռնարկներուն առաւել աշխուժ մասնակցելու եւ համագործակցութիւնը զարգացնելու վերաբերեալ:

 

Share this Article
CATEGORIES