ԱԹԼԵԹԻՔՕ ՄԱՏՐԻՏ ՖԱԼՔԱՈՅԻ ՀԱՄԱՐ ՎՃԱՐԵՑ 40 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ
Փորթուգալի ախոյեան Փորթօ յայտարարեց, որ ակումբին մաս կազմող քոլոմպիացի յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաօ պիտի միանայ Աթլեթիքօ Մատրիտի` նկատի ունենալով, որ վերջինս անոր փոխանցման համար համաձայն գտնուեցաւ վճարելու 40 միլիոն եւրօ:
Փորթօ յայտարարեց նաեւ, որ Աթլեթիքօ համաձայն գտնուեցաւ նաեւ փորթուգալցի միջնապահ Ռուպեն Միքայէլի փոխանցման համար վճարելու 5 միլիոն եւրօ:
25 տարեկան Ֆալքաօ, նախորդ տարեշրջանին իր ակումբին հետ 38 կոլ նշանակելէ բացի հեթրիք մը իրագործեց` տիրանալով Փորթուգալի ֆութպոլի ախոյեանութեան, Փորթուգալի բաժակին եւ Եուրոփա լիկի մրցաշարքերու տիտղոսներուն:
Արժանթինեան Ռիվըր Փլէյթէն Փորթոյի միացած Ֆալքաօ (յուլիս 2009-ին) իր ակումբին հետ 84 մրցումի ընթացքին նշանակած է 73 կոլ:
CATEGORIES Մարզական