ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱՒՕ ՄՈՒՆՋՈՂԼԵԱՆԻ ՆՈՐ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ` ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի համալսարաններու ախոյեանութեան (Իւնիվերսիատ) փինկ փոնկի մրցումները տեղի կ՛ունենան մեծ խանդավառութեամբ եւ զօրաւոր թափով` նկատի ունենալով, որ պայքարը բաւական սուր կերպով կ՛ընթանայ մասնակցողներուն միջեւ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի ազգային խումբին մաս կազմող Աւօ Մունջողլեան նոր իրագործում մը կատարեց այս մրցաշարքին, երբ 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով չինացի Թեր Լունը, որ հոլանտական հպատակութիւն ունի:
Մունջողլեան, որ ապահովեց 1-64-րդ հանգրուանի իր տոմսը, այժմ պիտի մրցի Եւգենի Պրիշիպայի (Ուքրանիա) դէմ:
CATEGORIES Մարզական


