ԸՍՏ «ԻՍՐԱՅԷԼ7-Ի ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԸ Կ՛ԱՒԱՐՏԻ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ՅԱՋՈՐԴ ՄԸ ՉԷ ՃՇԴՈՒԱԾ
«Իսրայէլ7» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպան Կապի Լեւիի պաշտօնավարութեան շրջանը երկու շաբաթէն կ՛աւարտի, սակայն առայժմ անոր յաջորդ մը չէ նշանակուած եւ հաստատ չէ, որ թրքական իշխանութիւնները պիտի ընդունի՞ն Անգարայի մէջ Իսրայէլի նոր դեսպանին հաւատարմագիրը:
Կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս ունի այս հարցին Լեւիի պաշտօնավարութեան աւարտէն առաջ լուծում մը գտնել, սակայն կը թուի, թէ այդ մէկը գրեթէ անկարելի է: Աւելի՛ն. կը նախատեսուի, որ այս հարցը աւելի բարդանայ «Մաւի Մարմարա» նաւուն միջադէպին շուրջ Փալմըրի զեկուցումին հրապարակումէն ետք:
Յաւելեալ խնդիրներէ զգուշանալու նպատակով` իսրայէլեան իշխանութիւնները Իսրայէլի այժմու դեսպան Լեւիէն խնդրած են իր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը երկարաձգել, սակայն ան մերժած է:
Կայքէջը կը յիշեցնէ, որ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր Թել Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպան մը գոյութիւն չունի: Դեսպանին օգնականն է, որ կը փոխարինէ զինք, եւ հաւանական է, որ Թուրքիա որոշէ իր ներկայացուցչութիւնը «դեսպանատունէն» նուազեցնել «դիւանագիտական ընդհանուր առաքելութեան»:
Իսրայէլ իր կարգին կրնայ Թուրքիոյ մէջ «ժամանակաւոր կցորդ» մը նշանակել, ինչ որ թրքական իշխանութիւններուն արտօնութեան չի կարօտիր:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ «Թուրքիա Իսրայէլի պետութեան ինքնապաշտպանութեան դիմելու իրաւունքը չճանչնալով կը փորձէ զայն օրինականութենէ զրկել»:
Անդրադառնալով Կազայի շրջափակումը վերցնելու գծով Անգարայի կողմէ Իսրայէլի ներկայացուած պահանջին` Լիպըրման յայտնեց, որ «Թուրքիա ՄԱԿ-ի վրայ ճնշում կը բանեցնէ «Մաւի Մարմարա» նաւուն միջադէպին շուրջ Փալմըրի զեկուցումի հրապարակումը կանխարգիլելու, որովհետեւ այդ զեկուցումը Կազայի նկատմամբ իսրայէլեան քաղաքականութեան օրինականութիւնը կը հաստատէ»: