ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔ ՄԵՍԽԵԹՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ ՈՉՆՉԱՑՈՒԱԾ ԵՆ

«Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ բեռնափոխադրումներ կատարող «Եու.Փի.Էս.» ընկերութիւնը սխալ տեղ առաքած է մեսխեթցի թուրքերուն վերաբերող 15 սնտուկ պատմական փաստաթուղթեր, որոնք ոչնչացուած են:

Այդ փաստաթուղթերը, զորս Թուրքիոյ Հասարակական աշխատանքներու նախարարութիւնը կ՛ուղարկէր Թուրքիոյ պետական արխիւներու գլխաւոր վարչութիւն, սխալմամբ հասցուած են թուղթի վերամշակման գործարան, ուր թուղթի թափօն նկատուելով ոչնչացուած են:

Դէպքին շուրջ հետաքննութիւն սկսած է: Սակայն նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ դէպքին համար ոչ թէ ինքն է պատասխանատուն, այլ` Պետական արխիւներու գլխաւոր վարչութիւնը: Մեղաւորը բացայայտելու համար դատական փաստաթուղթերը ուղարկուած են Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:

Կը հաղորդուի, որ ոչնչացուած փաստաթուղթերուն մեծ մասը կը վերաբերի այն թուրք մեսխեթցիներուն, որոնք Թուրքիա գաղթած էին 1920-30-ական թուականներուն:

Թուրք մեսխեթները թրքալեզու մահմետականներ են, որոնք աւանդաբար բնակած են Խորհրդային Վրաստանի հարաւային շրջանին մէջ: 1944-ին Խորհրդային Միութեան պաշտպանութեան կոմիտէին որոշումով, անոնք իբրեւ նացիներուն համակրող, թրքական գաղտնի սպասարկութեանց հետ համագործակցող, Ատիկենի, Ախալցխայի եւ Ասպինձայի շրջաններէն աքսորուած են Կեդրոնական Ասիա: Ներկայիս աշխարհի վրայ թուրք մեսխեթցիներուն թիւը կը հասնի 500 հազարի: Անոնց մեծամասնութիւնը կը բնակի Ազրպէյճանի, Ղազախստանի, Ռուսիոյ, Խըրխըզիստանի եւ Ուզպեքիստանի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES