ԲԱՆԱԿԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՒԱԶԱԾ Է, ԻՍԿ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ` ԱՃԱԾ

«Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին հարցախոյզները ցոյց տուած են, որ թրքական բանակին նկատմամբ բնակչութեան վստահութիւնը նուազած է, իսկ կառավարութեան նկատմամբ` աճած:

Ըստ հարցախոյզի արդիւնքներուն, բանակին նկատմամբ վստահութիւնը 75 առ հարիւր է. անիկա 2008-ին 90 առ հարիւր, իսկ 2009-ին 86 առ հարիւր էր, իսկ կառավարութեան նկատմամբ վստահութիւնը` 61 առ հարիւր է, 1991-ին անիկա 29 առ հարիւր էր:

Հայրենիքի համար կռուելու պատրաստակամութիւն ունեցողներուն համեմատութիւնը 2006-ին 97 առ հարիւրէն նուազած է 86 առ հարիւրի:

Հարցախոյզին մասնակիցներուն 15 առ հարիւրին կարծիքով, Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց նկատմամբ յարգանք գոյութիւն ունի, իսկ 16 առ հարիւրի կարծիքով` ոչ:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն 92 առ հարիւրը ըսած է, որ կրօնը իրեն համար կարեւոր է (այս ցուցանիշը վերջին 15 տարուան ընթացքին չէ փոխուած), 81 առ հարիւրը ինքզինք բարեպաշտ նկատած է, 87 առ հարիւրը ըսած է, որ ծոմ կը պահէ, 61 առ հարիւրը կը կարծէ, որ իր կնոջ լողազգեստ կրել թոյլ տալը մեղք է, իսկ 79 առ հարիւրը կը հաւատայ, որ մէկ ճշմարիտ կրօն գոյութիւն ունի:

Հարցախոյզը կատարուած է Թուրքիոյ 54 նահանգներուն մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES