ՔԱՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

Քապուլի մէջ բրիտանական մշակութային կեդրոնը

Թալեպան շարժումը երէկ Բրիտանիայէն Աֆղանիստանի անկախութեան 92-ամեակի օրուան զուգադիպող գործողութեամբ մը պաշարեց Քապուլի մէջ բրիտանական մշակութային կեդրոնը: Թալեպան զինեալները յաջողեցան մուտք գործել կեդրոն եւ մէկ ժամ տեւողութեամբ բախում ունեցան աֆղան ապահովական ուժերուն եւ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն հետ:

Աֆղանիստանի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր մը յայտնեց, որ յարձակումին ընթացքին 12 վիրաւոր արձանագրուած է: Սպաննուած են աֆղան 8 ոստիկաններ եւ ՕԹԱՆ-էն զինուոր մը:

Թալեպաններու բանբեր Զապիհուլլա Մուճահիտ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թալեպան շարժումը այս գործողութեամբ երկու պատգամ կը յղէ` մէկը աֆղանական կառավարութեան, իսկ միւսը` բրիտանացիներուն: Ան Բրիտանիայէն Աֆղանիստանի անկախութեան 92-ամեակին ակնարկելով յայտնեց. «Անոնց կը յիշեցնենք, որ մենք դարձեալ բոլոր օտարերկրացիներէն, մասնաւորաբար բրիտանացիներէն անկախ պիտի ըլլանք»:

Share this Article
CATEGORIES