ԹՐՔԱԿԱՆ ՕԴՈՒԺԻ ՌՄԲԱՁԻԳՆԵՐԸ 2-ՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՔԱԿ-Ի ԴԻՐՔԵՐ ԿԸ ՌՄԲԱԿՈԾԵՆ

Թրքական ռմբաձիգները կը հարուածեն

Թրքական օդուժի ռմբաձիգները հինգշաբթի երեկոյեան 2-րդ օրն ըլլալով ռմբակոծեցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դիրքերը: Անոնք 28 թիրախներ հարուածեցին, իսկ թրքական հրետանին Հիւսիսային Իրաքի մէջ 96 թիրախներ ռմբակոծեց:

Թրքական բանակի սպայակոյտը հինգշաբթի օր յայտարարեց, որ թրքական բանակի օդուժի ռմբաձիգները չորեքշաբթի գիշեր Հիւսիսային Իրաքի Կորդուաց լեռներու, Խարքուրք, Աւաշին-Պաշեան, Զափ եւ Մեթինա շրջաններուն մէջ յաջող կերպով ՔԱԿ-ի վաթսուն թիրախներ հարուածած են:

Սպայակոյտը իր կայքէջին վրայ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ «յարձակումէն առաջ Զափ, Աւաշին-Պաշեան եւ Խարքուրք շրջաններուն մէջ 168 թիրախներ բուռն կերպով ռմբակոծուած են»: Ըստ հաղորդագրութեան, թրքական ռմբաձիգները իրենց առաքելութիւնը կատարելէ ետք ապահով կերպով իրենց զօրանոցը վերադարձած են:

Թրքական բանակի սպայակոյտը նշեց, որ գործողութիւնը թիրախ դարձուցած է միայն «ահաբեկչական կազմակերպութիւնը», եւ շրջանին մէջ բնակող քաղաքայիններուն որեւէ վնաս չպատճառելու անհրաժեշտ զգուշութիւնը ցուցաբերուած է:

«Թրքական բանակի թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ արտասահմանի մէջ կատարած նոյնպիսի գործողութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ Հիւսիսային Իրաք ապահով վայր մը դառնայ եւ «ահաբեկչական կազմակերպութիւնը», որ շրջանը Թուրքիոյ դէմ յարձակումներու իբրեւ կեդրոն կ՛օգտագործէ, բնաջնջուի», կը յայտնէ հաղորդագրութիւնը:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թիրախներու շարքին էին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ շրջանին մէջ ըմբոստներու ապաստանարաններ: Երեսուն ռմբաձիգներ մասնակցած են գործողութեան: Թիրախ դարձած են նաեւ ՔԱԿ-ի աւագ հրամանատարներուն գտնուած ճամբարները:

Միւս կողմէ, երէկ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Հաքքարի շրջանին մէջ թրքական զինուորական մեքենաներու շարասիւնի մը դէմ ՔԱԿ-ի զինեալներու կողմէ կատարուած յարձակումին պատճառով թրքական ուժերուն շարքին արձանագրուեցաւ 12 զոհ եւ 14 վիրաւոր:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խստիւ դատապարտեց յարձակումը եւ յայտարարեց, որ Անգարայի համբերութիւնը այլեւս սպառած է:

Share this Article
CATEGORIES