ՆԱԽԱՐԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սայիտ Ալի Սաղայեանը:
Հանդիպման ընթացքին Իրանի դեսպանը պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուց Հայաստանի մէջ նոր նշանակուած զինուորական կցորդ, գնդ. Համիտ Ռեզա Միրզան:
Շնորհաւորելով նոր նշանակուած զինուորական կցորդը` Սէյրան Օհանեան յոյս յայտնեց, որ անոր պաշտօնավարումը նոր թափ հաղորդէ պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-իրանական համագործակցութեան զարգացման: Նախարար Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ Իրանի նախկին զինուորական կցորդ, գնդ. Ահմետ Ռեզա Ալլահտատիին` իր պաշտօնավարման ընթացքին ունեցած աւանդին համար:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակեցին շրջանային անվտանգութեան հարցերուն շուրջ:
CATEGORIES Հայկական


