ԱՐՑԱԽ. ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Երէկ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեան մը` Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման խնդիրներուն շուրջ:
Կատարուած աշխատանքներուն մասին զեկուցումներ ներկայացուցին տօնակատարութեան կազմակերպման պետական յանձնախումբի անդամները եւ համապատասխան մարմիններու ղեկավարները:
Նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ տօնակատարութիւնները պէտք է անցնին նախատեսուած ծրագիրներուն համապատասխան, բարձր մակարդակով եւ բոլոր շահագրգիռ մարմիններուն սերտ համագործակցութեամբ:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
CATEGORIES Հայկական