ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ. ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԻՐ ԽԱՅՏԱԲՂԷՏ ԿԱՑՈՒԹԵԱՄԲ` ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ՍԵՂԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Երէկուան նիստերէն պահ մը

Երկրորդ օրն ըլլալով, երէկ` ուրբաթ, 19 օգոստոս 2011-ին շարունակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած ու Արամ Ա. կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութիւնը վայելող Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ` քննարկումի սեղանին վրայ դնելով արեւմտահայերէնը` իր բոլոր հարցերով ու իր շուրջ ստեղծուած մտահոգութիւններով:

Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներէն ժամանած հոգեւորականներ, մտաւորականներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, մամլոյ խմբագիրներ, դասագիրքերու հեղինակներ եւ պատրաստութեան աշխատանքով զբաղող մանկավարժներ գործնական ներդրում ունեցան համագումարի աշխատանքներուն մէջ` իրենց փորձառութիւնը ի սպաս դնելով:

Ե. նիստի ատենապետը եւ զեկուցաբերները` Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ

Համագումարը իր երկրորդ օրուան աշխատանքներուն սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:30-ին` գումարելով իր Ե. նիստը` «Օտար միջավայրերու բառապաշարի, շարահիւսութեան, արտայայտչաձեւերու եւ լեզուամտածողութեան ժխտական անդրադարձը սփիւռքի գաղութներու խօսակցական արեւմտահայերէնին վրայ» նիւթով: Նիստը վարեց Արտա Ճեպեճեան, իսկ այս մասին զեկուցումներ ներկայացուցին Միհրան Քիւրտօղլեան` Յունաստանէն, Պարոյր Աղպաշեան` Լիբանանէն եւ Սարգիս Կիրակոսեան` դարձեալ Լիբանանէն: Զեկուցումներուն լոյսին տակ տեղի ունեցող քննարկումները, ախտաճանաչումներէն անդին անցնելով, միշտ եղան ծրագրաւորման առումով արժէքաւոր` լեզուի պահպանման ու մաքրազտման յառաջիկայ քայլերը նշելով:

Զ. նիստին ատենապետը եւ զեկուցաբերները` Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ

Զ. նիստը տեղի ունեցաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11.30-ին «Օտար լեզուներու եւ արեւելահայերէնի ազդեցութիւնը գրաւոր ու բանաւոր մամուլին մէջ` իբրեւ բառապաշար, շարահիւսութիւն, արտայայտչաձեւ եւ լեզուամտածողութիւն» նիւթով: Նիստը վարեց Վիգէն Աւագեան, իսկ զեկուցաբերներն էին Նազարէթ Պէրպէրեան` Յունաստանէն եւ Խաչիկ Շահինեան` Սուրիայէն:

Արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի փոխադարձ անհաւասար գործածութիւնը հայ մամուլին ու ընդհանրապէս խօսակցութեան մէջ, կազմեցին սոյն օրակարգի քննարկումի նիւթերը: Մէկուն հզօրացումը ի հեճուկս միւսին, վճռադրոշմ ազդեցութիւն ունեցան սփիւռքեան զանգուածներու վրայ: Հայաստանեան շուկայական հրապարակագրութեան արագ տարածումը, հայերէնագիտութեան անիմացութեան պատճառով շուտով որդեգրուեցաւ սփիւռքեան մամուլին կողմէ, ինչպէս նաեւ ներառուեցաւ մեծ զանգուածներու բանաւոր թէ գրաւոր լեզուին մէջ` իբրեւ արտայայտչաձեւ եւ բառապաշար:

Է. նիստին ատենապետը եւ զեկուցաբերները` Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ

Է. նիստը յատկացուեցաւ «Օտարաբանութեան եւ արեւելահայերէնի ազդեցութիւնը եւ արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան ներկան» նիւթին: Նիստին ատենապետութիւնը վարեց Ահարոն Շխրտըմեան, իսկ այս մասին մասնագիտական զեկուցումներ ներկայացուցին Յակոբ Պալեան` Լիբանանէն, Արամ Սեփեթճեան` դարձեալ Լիբանանէն, իսկ Վարդան Մատթէոսեան` Միացեալ Նահանգներէն անձամբ չկարենալով մասնակցութիւն բերել, գրաւոր ուղարկած էր իր զեկուցումը, զոր կարդաց Անժել Միսիսեան:

Համագումարի աշխատանքային երկրորդ օրուան վերջին` Ը. նիստին նիւթն էր «Խօսակցական ու գրաւոր արեւմտահայերէնի բիւրեղացման ծրագիրի յստակեցումն ու մշակումը»: Շահան Գանտահարեանի ատենապետութեամբ գումարուած այս նիստին ընթացքին, շօշափուած նիւթը տարբեր տեսանկիւններէ դիտելով զեկուցումներ ներկայացուցին Սեդա Տատոյեան` Միացեալ Նահանգներէն, Անդրանիկ Տագէսեան` Լիբանանէն եւ Կարօ Պետրոսեան` դարձեալ Միացեալ Նահանգներէն:

Ը. նիստին ատենապետը եւ զեկուցաբերները` Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ

Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին բացուող ցանկերը քննարկում կատարողներու, բաւարար չեղան գոհացնելու մասնակիցները, որոնք արտայայտուած մտածումներուն լոյսին տակ իրենց ապրած երկիրներու տեղական պայմանները նկատի ունենալով, հասարակաց մարտահրաւէրներ կը փորձէին գտնել` առաջարկուած լուծումներուն պարագային նոյնութիւններ տեսնելու փափաքով: Տեղական գործօնները սակայն կը դժուարացնէին ամբողջական միաձեւութիւն բերելու ճիգը:

Վեհափառը անձամբ նախագահելով գումարուած բոլոր նիստերուն եւ լսելէ ետք արտայայտուած մտահոգութիւնները, առաջարկուած լուծումներն ու անոնց հետեւող հետապնդման աշխատանքներու ծրագիրները, հայրապետական իր խօսքով իւրաքանչիւր նիստի աւարտին զտումը կատարեց իրագործելի եւ հաւանական թուացող առաջարկներուն: Ծրագիրները կեանքի կոչելու իրապաշտ մօտեցումով` կատարեց իր թելադրութիւնները` միշտ ապաւինելով սփիւռքի սեփական կարողականութիւններուն: Արեւմտահայերէնի կացութիւնը յատկապէս սփիւռքի խնդիրներէն մին նկատելով` վեհափառը կոչ ուղղեց սփիւռքահայ բոլոր մասնագէտներուն, ի մի խմբելու մեր ազգի մարդուժն ու կարողականութիւնը` դուրս բերելու համար մեր լեզուն կորստեան գուբէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES