ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԸ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գործող տպագրական մարզի ներկայացուցիչներու մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Տպագրական աշխատանքի սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Սատերի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տպագրական աշխատանքին դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ մարզին մէջ գործող կարգ մը տպարաններուն ապօրինի աշխատանքը:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ պէտք է ներկայանալ ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ աշխատանքի արտօնութեան դիմումնագիր ներկայացնել, որպէսզի կանոնաւորուի այդ տպարաններուն աշխատանքը եւ անոնք կարելիութիւն ունենան անդամակցելու Տպարաններու սենտիքային:
Պատուիրակութիւնը նախարար Սապունճեանը հրաւիրեց հովանաւորելու իր կազմակերպած տարեկան ընթրիքը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 23 սեպտեմբերին:


