ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Լիբանանահայ համայնքի յարանուանական եւ ազգային-քաղաքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, հինգշաբթի յետմիջօրէին, հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ: Խորհրդակցական այս հանդիպումին օրակարգի կէտերը կը վերաբերէին շրջանին եւ երկրին քաղաքական նորագոյն զարգացումներուն, լիբանանահայ համայնքին վերաբերող խնդիրներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ ընդհանուր աշխատակարգի մը որդեգրման անհրաժեշտութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան