ԳՈՅՆ ԵՒ ԲՈՅՐ. ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԲՈՅՐԸ
ԱՐԴԵՕՔ ՍՈՒՐՃԻ ԹԵԹԵՒ ԲՈՅՐ ՄԸ ՁԵԶ ԿԸ ՄՂԷ՞ ՍՐՃԱՐԱՆ ՄԸ ՈՒՂՂՈՒԵԼՈՒ ԵՒ ԳԱՒԱԹ ՄԸ ԽՄԵԼՈՒ: ԱՐԴԵՕՔ ՓԻՆԻԱ ՔՈԼԱՏԱՅԻ ԲՈՅՐԸ ՊԱՏՃԱՌ ԿԸ ԴԱՌՆԱ՞Յ, ՈՐ ԾՆՈՂՆԵՐ ԵՐԿԱՐ ԹԱՓԱՌԻՆ ԽԱՂԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌԱՏԱՆ ՄԸ ՄԷՋ: ՔՐԻՍԹԱՖԸՐ ՈՒԱՅԹ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ «ԿԸ ՀՈՏՈՏԱՅ» ԿԱՐԳ ՄԸ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՆՈՆՔ ԲՈՅՐԵՐ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՆ` ՎԱՃԱՌԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԻՐԵՆՑ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:
Երբ պատկերասփիւռէն ծայր կու տայ ծանուցումներու շարք մը, անմիջապէս կը զգանք, թէ երկու զգայարաններ յարձակումի կ՛ենթարկուին` երրորդ մը, հոտառութեան զգայարանը տիրական դարձնելու համար: Առեւտրական առիթներու հոտառութիւնը զարգացնող գործատէրեր երկար ժամանակէ ի վեր կը գիտակցին բոյրերու զօրութեան, նոյնիսկ, երբ նման առիթներ զիրենք առաջնորդած են իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու մարմնի գէշ հոտերը ծածկող արտադրութիւններ շուկայ իջեցնելու վրայ:
«Թայմ» շաբաթաթերթը անցեալ ամիս տեղեկագրեց, թէ տուրմի եւ նոր եփած հացի բոյրերը կեղծ էին Պրուքլինի Նեթ Քոսթ սննդեղէնի շուկային մէջ, եւ թէ` անոնք պարզապէս մեքենայի մը միջոցով կը սփռուին: Այս պատմութիւնը քիչ մը գէշ կը բուրէր եւ որոշ հետաքրքրութիւն ստեղծեց առեւտրական ձեւի մը նկատմամբ, որ մինչեւ վերջերս մեծ մասամբ կը մնար անտեսուած:
«Կը թուի, թէ հանրախանութներու ցանցեր նոր միայն սկսած են անդրադառնալ բոյրերու զօրութեան,- կ՛ըսէ Սենթ մարքեթինկ ինսթիթիւթի տնօրէններէն` Սթիւըն Սեմոֆ,- որովհետեւ, երբ կը մտածենք այս մասին` արտադրութիւններ տարածելու, ծանուցումի եւ վաճառանիշներու աշխարհին մէջ ամէն ինչ կապ ունի տեսողութեան եւ ձայնի հետ: Մեր զգայարանները հիմնականին մէջ յագեցած են: Ոչ ոք փորձած է թակել հոտառութեան դուռը, իսկ հոտառութեան զգացողութիւնը ուղղակի կապուած է մեր ուղեղին հետ»:
Թէեւ «Թայմ» եւ հանրախանութներու կարգ մը ցանցեր միայն նոր սկսած են առնել այս գաղափարին բոյրը, սակայն անիկա այնքան ալ նորութիւն չէ: Վերջին 5 տարիներուն շրջապատուած ենք բոյրեր արձակող արհեստագիտական գործիքներով, որոնք բուրումնաւէտ իւղերը կը վերածեն չոր շոգիի: Ասիկա շատ աւելի առեւտրականացած է եւ լայն տարածում գտած: Վաճառատուներ կրնան բոյրեր տարածել նոյնիսկ հովահարով կամ օդափոխիչ սարքերու միջոցով:
Միացեալ Նահանգներու մէջ 5 ընկերութիւններ կը հակակշռեն բոյրերու համաշխարհային շուկային շուրջ 80 առ հարիւրին, իսկ երկրին վաճառատուներուն 10-20 առ հարիւրը անոնց յաճախորդներն են: «Բոյրերու գործածութիւնը շատ տարածուած է այստեղ,- կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Նեշընըլ ռիթէյլ ֆետըրէյշընի շուկայական բաժնի տնօրէն Մայք Կաթթի:- Բազմաթիւ ընկերութիւններ կը գործածեն արուեստական բոյրեր, որոնց նպատակը յաճախորդները վաճառատան մէջ աւելի երկար պահելն է` ստեղծելով հիւրընկալ մթնոլորտ: Եւ ասիկա կը յաջողի: Մարդիկ իրապէ՛ս աւելի երկար կը մնան վաճառատան մը մէջ: Անոնք աւելի հանգիստ գնում կ՛ընեն, եւ յաճախ բուրումնաւէտ մթնոլորտը պատճառ կը դառնայ, որ անոնք աւելի ծախսեն»:
Սեմոֆ կ՛ըսէ, թէ Նայք ընկերութեան կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, մարզական արտադրութիւններու վաճառատուներուն մէջ բոյրերու սրսկումը 80 առ հարիւր համեմատութեամբ բարձրացուցած է յաճախորդներուն գնելու տրամադրութիւնը: Փոքր խանութի մը կից վառելանիւթի կայարանի մը կողմէ կատարուած այլ փորձարկութիւն մը ցոյց տուած է, թէ սուրճ գնելու համեմատութիւնը բարձրացած է 300 առ հարիւր համեմատութեամբ, երբ մարդիկ անոր բոյրը առած են վառելանիւթ լեցնելու ժամանակ: «Այս թիւերը տրամաբանականէն անդին են», կ՛ըսէ Սեմոֆ:
Կը կարծուի, թէ այս միջոցը այսքան լաւ արդիւնք կու տայ, որովհետեւ հոտառութեան զգայարանը ուղղակի կապ ունի ուղեղին այն մասերուն հետ, որոնք պատասխանատու են զգացումները շարժման մէջ դնելու: «Բոյրերը ուղղակի կ՛ազդեն ուղեղին զգացական հակակշիռի կեդրոնին վրայ: Հետեւաբար հազիւ հոտ մը առնենք, անիկա անմիջապէս կը խթանէ զգացում մը,- կը բացատրէ Սեմոֆ:- Մինչդեռ բոլոր միւս զգայարաններուն կողմէ փոխանցուած բաները նախ պէտք է անցնին ուղեղին յատուկ գործընթացներէն»:
Սակայն արդեօք բարոյագիտական դիտանկիւնէն ընդունելի՞ է բոյրերու գործածութիւնը, մանաւանդ` սննդեղէնի բոյրերու պարագային: Վաճառատան մը մէջ տուրմի կամ նոր եփած հացի բոյրեր սրսկելը մտածել կու տայ, թէ անոնք կու գան հոն վաճառուած արտադրութիւններէն: Սակայն իրականութիւնը տարբեր է: Անիկա խաբէութիւն եւ չարաշահութիւն կը բուրէ: Թերեւս ալ` ոչ, ինչպէս կը մտածէ Նոթինկհամ պիզնըս սքուլի մէջ շուկայական բարոյագիտութեան դասախօս Ալեքս Հիլըր: Անոր համաձայն, շուկայական բարոյագիտութեան նախագիծերը նկատի կ՛առնեն յաճախորդին ազատութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ բարօրութիւնը, իսկ հանրախանութները աւելի բուրումնաւէտ դարձնելը անպայման չի նշանակեր բռնաբարել այս օրէնքներէն որեւէ մէկը:
«Այո՛, բոյրերը փոխելը չարաշահութիւն է, եւ ա՛յս է ամբողջ հարցը,- կ՛ըսէ ան:- Սակայն ասիկա մեղմ միջոց մըն է: Կրնամ վիճիլ, թէ յաճախորդներ կ՛անդրադառնան եւ կ՛ընդունին, թէ արուեստական եւ մանաւանդ շուկայական բոլոր տեսակի միջավայրերուն մէջ կը կատարուի որոշ չափի մեղմ չարաշահութիւն, եւ թէ` ասիկա ոչ մէկ ձեւով կը կաշկանդէ ոեւէ մէկուն ազատութիւնը, ինքնիշխանութիւնը կամ բարօրութիւնը»:
Բաղդատմամբ, օրինակ` ֆասթ-ֆուտի կեդրոններու, որոնք կը ցուցադրեն իրենց վաճառած լխկած հազարով պըրկըրներուն հետ նմանութեան որեւէ եզր չունեցող լուսանկարներ, բոյրերու գործածութիւնը շատ աւելի յաջող է: «Նկար մը պէտք է տեսողական մէկ յիշեցումը ըլլայ մեր ստացած արտադրութեան: Իսկ երբ չեն ստանար այս մէկը, ապա կրնանք ըսել, թէ տեղի կ՛ունենայ խաբէութիւն», կը բացատրէ Հիլըր:
«Հիմնականին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրենք յատուկ արտադրութիւններու վրայ», կ՛ըսէ Ռոտ Այլընտի Պրաուն համալսարանին հոգեբանութեան եւ մարդկային վարուելակերպի բաժանմունքին մէջ այցելու դասախօս Ռէյչըլ Հըրզ: Ան կու տայ օրինակը կասիայի բոյրի գործածութեան, վաճառատան մը մէջ, ուր կը գտնուին կասիայով պատրաստուած քաղցրաւենիքներ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ մարդիկ աւելի հակամէտ դառնան գնելու զանոնք: «Եթէ անուշեղէն սպառելու ախորժակ ունիք, ապա ասիկա մեծապէս պիտի ներգրաւէ ձեզ», կ՛ըսէ ան:
Այսուհանդերձ բոյրերը չեն օգտագործուիր միայն յատուկ արտադրութիւններու վաճառքին մէջ: Վաճառատուներ, պանդոկներ եւ ակումբներ կրնան շատ աւելի ընդհանրացնել արուեստական բոյրերու գործածութիւնը` ստեղծելու համար իրենց յաճախորդներուն հաճելի միջավայր մը, ինչպէս նաեւ` զօրացնելու ընկերութեան մը վաճառանիշը: «Իրականութեան մէջ անոնք բոյր մը կ՛որդեգրեն իբրեւ խորհրդանիշ իրենց հաստատութեան», կ՛ըսէ Հըրզ: Այնպէս ինչպէս պատկերասփիւռի ծանուցումներու ընկերակցող երաժշտական կտորներ անխուսափելիօրէն կ՛առնչուին այն արտադրութեան հետ, զոր վաճառելու կոչուած են, նոյնպէս ալ` բոյրերը մեր յիշողութեան մէջ կ՛արթնցնեն փորձառութիւն մը, ինչպէս` որոշ պանդոկի մը մէջ գտնուելու յուշը, շնորհիւ այն ամուր կապին, որ գոյութիւն ունի յիշողութեան եւ հոտառութեան միջեւ: Այսպէս` բոյրը կը դառնայ յիշողութիւններ արթնցնող հզօր գործօն մը:
Դրական արդիւնքի յանգելու համար, այն փորձառութիւնը, որ կը յիշենք բոյրերու միջոցով, պէտք է ըլլայ լաւ փորձառութիւն մը. «Հոտերը ոչ մէկ նշանակութիւն ունին նախքան փորձառութեան մը հետ առնչուիլը: Ապա, երբ կ՛ապրին փորձառութիւն մը, կը դառնան անոր ներկայացուցիչը», կը բացատրէ Հերզ: Եթէ վատ ժամանակ անցուցած ենք, ապա տուեալ փորձառութեան առնչուած հոտը նաեւ կը յիշեցնէ այդ մէկը: Հետեւաբար բոյրեր սրսկելու արհեստագիտութիւնը կ՛օգտագործուի առաջնակարգ պանդոկներու եւ հանգստավայրերու մէջ եւ ոչ` խնայողական կեցութեան վայրերու:
Բոյրերու այս աւելի ընդհանուր կիրարկումը, այսինքն` անոնց օգտագործումը` սննդական յատուկ արտադրութիւններու վաճառքէն տարբեր նպատակներու համար, յայտնապէս արուեստական բոյրերու գործածութեան գլխաւոր ձեւն է ներկայիս: «Տի Ինտիփենտընթ» կապ հաստատած է Բրիտանիոյ տարածքին հանրախանութներու ցանցերու հետ, որոնցմէ ոչ մէկը հաստատած է, որ շուկայական նպատակներով բոյրեր կը սրսկէ: Անոնց մեծ մասը նախընտրութիւն յայտնած է բնական բոյրերու, ինչպէս` խմորեղէն արտադրող իրենց փուռերուն, իսկ պատասխանատու մը նոյնիսկ վիրաւորուած է, երբ լսած է գաղափարին մասին: Բուրումնաւէտ անցքերը սակաւաթիւ են այս հզօր կղզիին վրայ:
Սակայն շարք մը այլ վաճառատուներ եւ գործառնութիւններ կ՛օգտագործեն արուեստական բոյրեր: Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի տարածքին արուեստական բոյրերու մեծագոյն տարածիչ ՍենթԷյր Եու. Քէյ. ընկերութիւնը, որ կապ ունի Պրուքլինի սննդեղէնի շուկային արուեստական բոյրեր վաճառող համանուն ամերիկեան ընկերութեան հետ, 2008-ին` իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր ներգրաւած է աւելի քան 600 յաճախորդներ: Անոնց շարքին է խաղալիքներու Հեմլիզ վաճառատունը, ուր ամրան ընթացքին կը տիրապետէր ընկերութեան արտադրած փինիա քոլատայի բոյրը, որ յայտնապէս առիթ կու տար ծնողներուն աւելի երկար թափառելու: Ընկերութիւնը նաեւ բոյրեր վաճառած է աստղերու նախասիրած հաճոյքի գիշերային վայրին` Չայնաուայթի մէջ: Անոր նորագոյն յաճախորդներէն է Լոնտոնի Լեսթըր հրապարակին վրայ Էմ. էնտ Էմ.ի կեդրոնական վաճառատունը, որ դարձաւ աշխարհի մեծագոյն անուշավաճառը, երբ վաճառատան բացումը կատարուեցաւ յունիսին: «Ինչ որ կը վաճառուի հոս, սկիզբէն ծրարուած է,- կ՛ըսէ ՍենթԷյր Եու. Քէյ.ի տնօրէն Քրիսթաֆըր Փրաթ:- Կը կարծէինք, թէ ամբողջ վաճառատունը տուրմ պիտի բուրէր, սակայն այդպէս չեղաւ»: Իսկ այժմ բոյրեր սրսկող գործիքներու զետեղումէն ետք անիկա ամբողջութեամբ տուրմ կը բուրէ:
Փրաթ կը բացատրէ, թէ ընկերութիւնը «ամբողջական սպասարկութիւն» կը մատուցէ իր յաճախորդներուն. անիկա ոչ միայն կը հայթայթէ եւ կը զետեղէ բոյրեր արտադրող սարքերը, այլ նաեւ տեւաբար կը նորոգէ անոնց պարունակութիւնը: Այս սպասարկութեան համար անիկա կը գանձէ ամսական 100-250 փաունտ: «Արտադրութիւններու վաճառքը խթանելու յատկացուած պիւտճէի մը մէջ այս համեմատութիւնը ոչինչ է», կ՛ըսէ Փրաթ` նշելով, թէ պանդոկներ այս գումարին կրկնապատիկը կը ծախսեն` բուրումնաւէտ մոմերու համար: Յատուկ բոյրեր կարելի է գնել ուղղակի դարաններու վրայէն կամ ապսպրել ըստ ճաշակի, իսկ գիները կը տարուբերին 5000 փաունտէն 10 հազար փաունտի միջեւ: «Այս գինը չի վերաբերիր որեւէ բոյրի, այլ` կ՛ապահովէ պահանջուած յատուկ բոյրը», կ՛ըսէ Փրաթ:
Իսկ ճիշդ բոյր մը ունենալը կախեալ է բազմաթիւ ազդակներէ: Ուաշինկթըն սթէյթ եունիվըրսիթիի առեւտրական գիտութիւններու քոլեճի տնօրէն Էրիք Շփանկենպերկ, որ 1996-էն ի վեր կ՛ուսումնասիրէ յաճախորդներու վարուելակերպին վրայ բոյրերու ներգործութիւնը, ի յայտ բերած է, թէ անիկա իր ազդեցութիւնը կը գործէ ամէն ինչի վրայ, մշակութային ընդունուած սովորութիւններէ մինչեւ սեռերու միջեւ տարբերութեան եւ արտադրութեան մը պատշաճութեան: «Ազդեցութեան այլ դաշտ մը գտած ենք հոն, ուր յատուկ բոյր մը կ՛առնչուի տարուան մէկ եղանակին հետ,- կ՛ըսէ ան:- Օրինակ` գնում ընելու եւ եղանակի մը յատուկ բոյրերու ներգործութիւնը: Մարդիկ Ս. Ծննդեան օրերուն կ՛ակնկալեն կասիայի բոյրը կամ նման բան մը»:
Այս բոյրը բաղդատելով աւելի Զատկուան շրջանին առնչուող բոյրերու հետ, Շփանկենպերկ ի յայտ բերած է եղանակներու յատուկ մթնոլորտ մը ստեղծող բոյրերու դրական ներգործութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց անյարիր բոյրերու ժխտական ներգործութիւնը: Հետեւաբար ճիշդ բոյրը գործածելը կարեւոր է: «Եթէ ճիշդ բոյրը ընտրես, լաւ արդիւնք կու տայ,- կ՛ըսէ Հըրզ:- Եթէ սխալ ընտրութիւն մը կատարես, աւելի վատ է, քան` որեւէ բոյր չորդեգրելը»:
Բազմաթիւ մարզերու պարագային բոյրերու ճիշդ ընտրութենէ մը կախեալ պիտի ըլլար գարշահոտ ձախողութեան մը մէջ յամենալու փոխարէն` քաղցրաբոյր յաջողութեան հասնիլը:
ԿԸ ՏԵՍՆԷ՞Ք ԱՅՆ, ԻՆՉ ՈՐ ԵՍ ԿԸ ՏԵՍՆԵՄ
ՎԱՐԴԸ ԿԱՐՄԻՐ Է, ՄԱՆԻՇԱԿԸ` ԿԱՊՈՅՏ, ԿԱՄ ԱՐԴԵՕՔ ԱՅՍՊԷ՞Ս Է: ԱՅՆ ԳՈՅՆԵՐԸ, ԶՈՐՍ ՄԵՆՔ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆՔ , ՄԻՇՏ ՉԷ, ՈՐ ՈՒՐԻՇԻՆ ՏԵՍԱԾ ԳՈՅՆԵՐՆ ԵՆ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԳՈՅՆԵՐԸ ԿԸ ԶԱՆԱԶԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ՈՒՂԵՂՈՎ ԵՒ ՈՉ` ԱՉՔԵՐՈՎ: ԱՅԼ ԽՕՍՔՈՎ` ԳՈՅՆԵՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»Ի ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ ՄԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԳՈՅՆԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐԻԶԸ. ԱՆԻԿԱ ԱՐԴԻՒՆՔ Է ԱՆՑԵԱԼԻ ՈՒ ՆԵՐԿԱՅԻ ՄԵՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ:
Գոյնը մեր ամէնէն պարզ զգացողութիւններէն մէկն է… նոյնիսկ ծովամայրերը, որոնք ուղեղ չունին, կը զանազանեն լոյսը: Այսուհանդերձ, երբ կը փորձենք աւելի ընդհանուր գիծերու մէջ բացատրել լոյսն ու գոյնը, կը ստիպուինք բացատրել, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս կը տեսնենք այն, ինչ որ կը տեսնենք:
Նախ պէտք է նկատի ունենալ, թէ գոյնը իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի… գէթ ոչ` տառացի իմաստով: Խնձորն ու հրշէջներու փոխադրակառքերը կարմիր չեն, երկինքն ու ծովը կապոյտ չեն, ոչ մէկ անձ ենթակայականօրէն «սեւ» է կամ «ճերմակ»:
Գոյութիւն ունի միայն լոյսը: Լոյսը իրական է:
Իսկ գոյնը լոյս չէ, անիկա ամբողջութեամբ կը շինուի մեր ուղեղին մէջ:
Ինչպէ՞ս գիտենք այս մէկը. որովհետեւ լոյս մը կրնայ որեւէ գոյն ստանալ… մեր ուղեղին մէջ:
ԳՈՅՆԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ
Կարելի է վիճիլ, թէ գոյնը մարդկային լաւագոյն ստեղծագործութիւնն է. բան մը, որ ստեղծուած է մեր անցեալի փորձառութիւններուն հիման վրայ:
Այս պատճառով է, որ կը տեսնենք տեսողական խաբկանքներ: Որովհետեւ, երբ կը դիտենք պատկեր մը, որ կը համապատասխանէ «իրական կեանքի» անցեալի մէկ փորձառութեան, մեր ուղեղը կը վարուի այնպէս, կարծէք մեր տեսած պատկերներուն մէջ գտնուող իրերը եւս նոյն ձեւով իրական են:
Սակայն, եթէ կ՛օգտագործենք մեր անցեալի փորձառութիւնը` ընկալելու համար լոյսը, ապա որքա՞ն արագ կրնանք գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լոյսը տեսնել տարբեր ձեւով: Ասիկա երկվայրկեաններու հարց է:
Պահ մը նկատի ունենանք անապատի երկու տեսարաններ, որոնք կազմուած են ճիշդ նոյն գոյներով: Անոնց մէջ երկինքը կապոյտ է, անապատը` դեղնաւուն: Այսուհանդերձ, երբ 60 երկվայրկեանի համար մեր հայեացքը կեդրոնացնենք կարմիր եւ կանաչ քառակուսիներու միջեւ կէտի մը վրայ, ապա մեր հայեացքը ուղղենք անապատի տեսարաններուն միջեւ տեղադրուած յար եւ նման կէտի մը, պիտի անդրադառնանք, թէ որքա՛ն աւելի երկար ժամանակ մեր հայեացքը կեդրոնացնենք այս կէտին վրայ, այնքան աւելի մեծ տեսողական խաբկանք մը պիտի ապրինք:
Անապատի տեսարանները պիտի փոխեն իրենց գոյնը, որովհետեւ գէթ որոշ ժամանակի համար մեր ուղեղը կարմիրի եւ կանաչի նոր պատմութիւն մը պիտի սկսի կիրարկել անոնց վրայ, երբ զանոնք կը դիտենք կէտին նայելէ ետք:
ԽԱԲԿԱՆՔ
Ասիկա մտածել կու տայ, որ թերեւս գոյները հիմնականօրէն շատ աւելի կ՛առնչուին մեր ինքնութեան զգացողութեան հետ, քան` ինչ որ կը կարծէինք: Եւ իրօք այսպէս է:
Պէտք է նշել, թէ գոյնը եղափոխութեան կորիզը կազմած է միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր:
Օրինակ` միջատներու եւ ծաղիկներու յարաբերութիւնը (ծաղիկները մեր աչքերուն համար չեն գունաւորուած, այլ` իրենց օգտին), անասուններուն տարբեր գոյները, եւ թէ` ինչպէս անոնք կը միաձուլուին իրենց միջավայրին հետ կամ սիրամարգին պէս կը զատորոշուին` ուշադրութիւն գրաւելու համար:
Պահ մը մտածեցէք ձեր հագած հագուստներուն գոյնին մասին, եւ թէ` ինչո՛ւ զանոնք կը կրէք: Նորաձեւութեան, գեղեցկագիտութեան եւ ձեւագծումի ամբողջ ճարտարարուեստը հիմնուած է գոյնի վրայ:
ՄՏԱՅԻՆ ԸՆԿԱԼՈՒՄԻ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ
ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Ասիկա կը նշանակէ, թէ մեր նուազագոյն ընկալումը ձեւաւորած է մեր էութիւնը: Աւելի՛ն. զարմանալին այն է, թէ գոյնը, որ իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի, ձեւաւորած է ինքնին աշխարհի ֆիզիքական հիւսուածքը: Անիկա նաեւ կորիզը կը կազմէ մարդկային մշակոյթին:
Գոյնի հետ մեր սերտ կապին պատճառով է, որ մարդիկ դարերէ ի վեր հարց կու տան. արդեօք կը տեսնէ՞ք այն, ինչ որ ես կը տեսնեմ:
Պատասխանը մեզի թոյլ պիտի տայ հասկնալու ո՛չ միայն ուղեղին գործունէութիւնը, այլ նաեւ գիտնալու, թէ ով ենք մենք իբրեւ անհատ եւ իբրեւ հաւաքականութիւն:
«Պի. Պի. Սի.»ի կողմէ տարբեր տարիքի, սեռի եւ ցեղի պատկանող 150 անձերու վրայ կատարուած իւրայատուկ փորձարկութիւն մը կը միտի ի յայտ բերել, թէ արդեօք բոլորս նո՞յն ձեւով կը տեսնենք գոյն մը:
Արդիւնքը զարմանք պատճառած է ուսումնասիրողներուն:
Գոյնի եւ զգացումներու միջեւ կապին վերաբերող փորձարկութեան մը մէջ ի յայտ եկած է, թէ գրեթէ իւրաքանչիւր չափահաս դեղինը առնչած է ուրախութեան հետ, կապոյտը` տխրութեան եւ կարմիրը` զայրոյթի (տիեզերական երկու այլ զգացումներ` զարմանքն ու վախը յստակ գոյն մը չունէին մասնակցողներուն քով): Թէեւ մանուկներ եւս կատարած են նոյնպիսի առնչութիւններ, սակայն անոնց ընտրութիւնները աւելի խառն էին եւ յարափոփոխ:
Միւս կողմէ` գրեթէ ամէն ոք (չափահաս թէ անչափահաս) նմանօրինակ յարաբերութիւն մը նկատած է գոյնի եւ ձայնի միջեւ: Ցած խազերը առնչուած են մութ կապոյտի հետ, իսկ բարձր խազերը` վառ դեղինի:
Այլ խօսքով` կը թուի, թէ մարդիկ ունին մտային ներքին քարտէս մը, որ կ՛ուրուագծէ յարաբերութիւնը գոյնի եւ իմացական ընկալումի տարբեր յատկութիւններու միջեւ, ինչպէս` ձայնի եւ տեսողական պատկերի: Ասիկա զարմանալի է, որովհետեւ նման յարաբերութիւններ գոյութիւն չունին բնութեան մէջ:
ԳՈՅՆԻ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ
Այլ փորձարկութեան մը մէջ մասնակցող անձերէն պահանջուած է 49 գունաւոր սալիկներ տեղաւորել 49 տեղերէ բաղկացած մակերեսի մը վրայ, առանց յաւելեալ որեւէ ցուցմունքի:
Կարելի էր մինչեւ 62 տեսակի պատկերներ ստեղծել` զանոնք շարելով:
Յատկանշականը այն է, թէ մասնակցողները մեծ մասամբ ստեղծած են նախատեսելի պատկերներ, որովհետեւ անոնք խմբած են գոյները` նմանութեան հետեւողութեամբ: Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ ունինք կառոյցի ներհուն կարիք մը, մասնաւորաբար` իրարու նմանող կառոյցներու, իսկ այս պարագային` կառոյցներու, որոնք կը հետեւին բնութեան պատկերներուն ուսողական օրէնքներուն:
Այլ փորձարկութիւն մը, որ կեդրոնացած էր գոյներ տեսնելու հիմնական գործօններուն վրայ, կը միտէր ի յայտ բերել, թէ արդեօք գոյներու ընկալումը կը տարբերէ՞ր պարզապէս լոյսի ներգործութիւնը զգալով:
Ի յայտ եկած է, թէ կիները ոչ միայն աւելի զգայուն են, քան` տղամարդիկը, այլ նաեւ այն կիները, որոնք կը զգան, թէ հակակշռելու իրենց զգացումը աւելի զօրաւոր է, շատ աւելի լաւ կը զգան, քան անոնք, որոնք անզօր են:
Ասիկա յատկանշական է, երբ կը մտածենք, թէ խնդրոյ առարկան պարզապէս լոյսի զգացողութիւնն է:
Ուսումնասիրողները նաեւ փորձած են գիտնալ, թէ արդեօք գոյնը իրականութեան մէջ կրնա՞յ շրջել վայրկեանի մեր զգացողութիւնը:
Սկիզբը ի յայտ եկած է, թէ մէկ վայրկեանը միջին հաշուով 11 երկվայրկեան աւելի երկար էր տղամարդոց համար, քան` կիներուն:
Սակայն մէկ վայրկեանը երկուքին համար աւելի երկար էր, երբ անոնք շրջապատուած էին կարմիր լոյսով, բաղդատմամբ` կապոյտին:
ԽԱԲՈՒԱԾ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆ
Հետեւաբար բոլորս տարբեր ձեւով կը տեսնենք աշխարհը: Իրօք, ասիկա մեր կամքէն անկախ է, որովհետեւ աշխարհի մէջ մեր փորձառութիւնները տարբեր են:
Ոչ մէկս աշխարհը կը տեսնէ այնպէս, ինչպէս որ է:
Այս առումով` բոլորս խաբկանք մը կ՛ապրինք: Ինչ որ կը տեսնէ մեզմէ իւրաքանչիւրը` իմաստ մըն է, որ սերած է մեր սեփական եւ հասարակաց պատմութիւններէն:
Այս գիտակցութիւնը հաւանաբար որեւէ բանէ աւելի կը պաշտպանէ այլազանութեան տեսութիւնը եւ կը մերժէ նոյնութիւնը:
Ասիկա կ՛ազատագրէ մեզ, որովհետեւ մեզի կու տայ ազատութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը` տէր կանգնելու մեր ինքնութեան եւ այլոց ապագայ մեր պատկերացումներուն:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ