ՅՈՒԼԻՍԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՆՈՐ ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵՑ

Խորհրդաժողովէն պահ մը:

Արդէն իսկ հինգ տարիներ անցած են Լիբանանի դէմ սանձազերծուած իսրայէլեան պատերազմէն, սակայն անոր արդիւնքներուն, հետեւանքներուն եւ Լիբանանի, Իսրայէլի ու շրջանին ապագային վրայ անոր ունենալիք ազդեցութիւններուն մասին բանավէճը տակաւին առկայ է:

Այս բանավէճին ծիրին մէջ Ուսումնասիրութեանց եւ հետազօտութիւններու խորհրդակցութիւններու կեդրոնը, որ քանիցս նախաձեռնած է խորհրդաժողովներու ու լուսաբանական կլոր սեղաններու, պատերազմի աւարտին հնգամեակին առիթով նախաձեռնեց այլ հանդիպումի մը` պարզաբանելու համար այս հարցով շրջանառութեան մէջ դրուած տարակարծութիւնները:

Խորհրդակցութիւններու կեդրոնը ընդարձակ հանդիպումի մը հրաւիրեց քաղաքական տարբեր թեւերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ակադեմականներ ու զինուորականներ, որոնք ներկայ գտնուեցան Պիր Հասանի  խորհրդակցութիւններու նորակառոյց կեդրոնին մէջ տեղի ունեցող խորհրդաժողովին:

Նշենք, որ խորհրդակցութիւններու այս կեդրոնը 2006-ի պատերազմին ընթացքին հիմնայատակ քանդուեցաւ թշնամի Իսրայէլին ռմբակոծումներուն պատճառով, ինչպէս նաեւ կորսնցուց հսկայ գրադարան մը եւ հարուստ արխիւներ:

Պատերազմի գործած աւերներէն տեսարան մը:

Ուսումնասիրութեանց եւ հետազօտութիւններու խորհրդակցութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովը կրեց «2006-ի յուլիսեան պատերազմէն հինգ տարի ետք մեկնաբանութիւններ` այդ պատերազմին ունեցած երկարաժամկէտ արդիւնքներուն մասին» թեման:

Ուսումնասիրութեանց եւ հետազօտութիւններու խորհրդակցութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ապտել Հալիմ Ֆատլալլա իր արտասանած խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի դէմ մղուած յուլիսեան պատերազմը օժանդակած է արաբական հին վարչակարգին հիմքերը ցնցելու, «ինչպէս որ ներկայիս արաբական աշխարհին մէջ բռնկած ցոյցերը կը խախտեն այդ երկիրներուն ամուր հիմքերը», ըսաւ ան`  աւելցնելով, որ այս պատերազմին եւ արաբական ինթիֆատաներուն միջեւ կայ կապ մը:

Ֆատլալլա շեշտեց նաեւ, որ կայ նաեւ անքակտելի կապ մը` ժողովուրդներուն կողմէ իրենց ճակատագիրը որոշելու եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն դիմադրելու առումով: Ան հաստատեց, որ յուլիսեան պատերազմը արմատական փոփոխութիւն յառաջացուցած է շրջանին մէջ Լիբանանի դերակատարութեան եւ շրջանին հաւասարակշռութիւնները  պահպանելու իմաստով: «Լիբանանի տարած յաղթանակին շնորհիւ կարելի եղած է հիմնել շրջանային նոր վարչակարգ մը, որուն շնորհիւ 11 սեպտեմբերի միջադէպէն եւ Աֆղանիստանը իր գերիշխանութեան տակ առնելէն ետք, Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներուն բանեցուցած ճնշումները նուազած են», ըսաւ Ֆատլալլա:

Ըստ Ֆատլալլայի, յուլիսեան պատերազմին արդիւնքները կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

ա) 2006-ի պատերազմը կը նկատուի այն առաջին պատերազմը, որուն ընթացքին, եւ որմէ ետք Իսրայէլ ոչինչ կրցաւ իրականացնել:

բ) Շրջանային գերիշխող պետութիւն մը եւ միջազգային մակարդակ ու կշիռ ունեցող քաղաքական, զինուորական ու ռազմավարական երկիր մը ըլլալէ ետք Իսրայէլ աստիճանաբար վերածուեցաւ Երրորդ աշխարհին մաս կազմող սովորական պետութեան մը:

գ) Անցեալի նման Իսրայէլ չեղաւ այն միակ կողմը, որ կը հսկէ Միջին Արեւելքի մէջ համաձայնութիւններուն եւ բանակցութիւններուն, այլեւ` Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութիւնը ամերիկեան բոյր սկսաւ ունենալ:

դ) Դիմադրութիւնը կրցաւ վերածուիլ պայքարի առանցքի մը եւ համազօր դարձաւ արաբական պաշտպանութեան միացեալ համաձայնագիրին:

ե) Իսրայէլեան մեքանիզմը արձանագրեց որոշ խախտումներ, որոնց ծիրին մէջ Իսրայէլ սկսաւ յարմարիլ եւ յանձնառու մնալ մեծ պետութիւններուն օրակարգերուն, իսկ միջազգային քաղաքականութիւնները իր հաշուոյն ծառայեցնելու անոր կարողութիւնը տկարացաւ:

զ) Թշնամի Իսրայէլը կատարելապէս ձախողեցաւ ուժին, Միացեալ Նահանգներուն եւ Ապահովութեան խորհուրդին ընդմէջէն իր առաջնահերթութիւնները պարտադրելու:

Իսրայէլացի զինուորներ` պատերազմի ընթացքին:

Ֆատլալլայի խօսքէն ետք, լիբանանցի հետազօտող Մոհամետ Սուէյտ ներկաները զարմացուց իր ճառով, որուն ընդմէջէն ան շեշտեց, որ Լիբանանի համար պատերազմը յաղթանակ մը չէր: Ան շեշտեց, որ Իսրայէլ տակաւին շրջանին մէջ կը մնայ զինուորական հսկայ ուժ մը, որ կրնայ տապալել արաբական բոլոր բանակները, «հետեւաբար կարելի չէ ըսել, թէ Դիմադրութիւնը կրնայ պարտութեան մատնել իսրայէլեան բանակը: Ընդհակառակն` քաղաքական գետնի վրայ Իսրայէլ իրականացուց այն բոլորը ինչ որ կորսնցուցած էր պատերազմի ընթացքին», ըսաւ Սուէյտ` աւելցնելով սակայն, որ իսրայէլեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ դրած են վերակազմակերպելու իրենց շարքերը եւ սրբագրելու այն խախտումները, որոնք յառաջացած էին զինուորական կառոյցին մէջ: Աւելի՛ն. անոնք մատնանշեցին բացթողումները, աշխատեցան սրբագրել զանոնք, ինչպէս նաեւ վերստին զինուեցան ու մարզումներու ենթարկուեցան:

Սուէյտ դիտել տուաւ նաեւ, որ այսօրուան դրութեամբ Դիմադրութիւնը մաս կը կազմէ լիբանանեան ներքին պայքարին եւ իբրեւ երկրին ուղղահայեաց երկփեղկումին մաս կազմող ուժ` Դիմադրութիւնը չի կրնար ինքզինք յորջորջել լիբանանեան շրջանակին մէջ բարգաւաճման ու բարեկարգումներու ազդակ մը եւ այս պատճառով ալ ան 2000-էն ի վեր լիբանանեան համախոհութիւն չի վայելեր, ըսաւ Սուէյտ:

Ան աւելցուց նաեւ, որ յուլիսեան պատերազմը ո՛չ մէկ արդիւնք ունեցած է արաբական յեղափոխութիւններուն պարագային:

Իր կարգին Իսամ Ֆարեսի անուան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն, դեսպան Ապտալլա Պու Հապիպ նշեց, որ Լիբանանի երկրորդ պատերազմին պատճառով եւ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Հըզպալլայի արձանագրած ռազմավարական յաղթանակին լոյսին տակ, Հըզպալլա կը գտնուի շրջանային  քաղաքական, ռազմավարական եւ զինուորական մակարդակներուն վրայ, «իսկ այդ յաղթանակին պատճառով Լիբանան վերածուեցաւ արաբական միակ երկրին, որ կրնայ հպարտանալ Իսրայէլը պարտութեան մատնելու նուաճումով»:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը իր այսօրուան կացութեամբ կրնայ Իսրայէլի կողմէ հետապնդուող որոշ նպատակներ ձախողեցնել, ինչպէս նաեւ կրնայ խոչընդոտել շրջանին մէջ հետապնդուող ամերիկեան նոր ռազմավարութիւնները:

«Լիբանանի ներկայացուցած ուժը իւրայատուկ է եւ կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ նոյնիսկ եթէ ան շրջանային զօրակցութիւն կը վայելէ, բայց եւ այնպէս անոր զօրութեան տարրերը լիբանանցի քաղաքացիներ են, որոնք կ՛ապրին իրենց երկրին մէջ», շեշտեց Պու Հապիպ:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հանգստեան կոչուած զօրավար Ամին Հըթէյթ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ամբողջ աշխարհի տարածքին բանեցուող հաստատ ուժի ռազմավարութիւնը ձախողած է: Ան նկատել տուաւ, որ պատերազմը առիթ տուաւ, որ նոր ու հին ուժեր վերադառնան շրջան եւ համաշխարհային մակարդակի վրայ ազդեցիկ տեղեր գրաւեն:

Հըթէյթ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը վերջ տուած է  Միացեալ Նահանգներուն ախորժակին եւ անոր տիրութեան բնազդներուն, ինչպէս նաեւ արգելակած է Լիբանանը ամերիկեան իշխանութեան տակ դնելու փորձերը:

Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլա կը նշէ յուլիսեան պատերազմի յաղթանակի փառատօնը:

Հըթէյթ ընդգծեց, որ յուլիսեան պատերազմին արձանագրած արդիւնքներուն լոյսին տակ հարկ է նշել նաեւ այն իրականութիւնը, որ պատերազմը իրարանցում պատճառած է Իսրայէլի ներքին կեանքին, ինչպէս նաեւ խախտած Իսրայէլի ապագային հանդէպ վստահութիւնը: «Այս բոլորին կողքին, Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ Իսրայէլի տնտեսական տագնապը խորացած է, եւ Լիբանան Իսրայէլէն խլած է պատերազմ սանձազերծելու անոր ազատութիւնը», եզրափակեց Հըթէյթ:

Իր խօսքին մէջ նախկին նախարար Իսամ Նաաման անդրադարձաւ շրջանային իրադարձութիւններուն լոյսին տակ Լիբանանի եւ Դիմադրութեան դէմ սպառնացող մարտահրաւէրներուն, կոչ ուղղելով Դիմադրութեան` բարելաւելու իր ազգային պայքարի ուղեգիծը, ինչպէս նաեւ տալու պատմական եւ ռազմավարական որոշում մը, որ պիտի ըլլայ համոզել Սուրիան եւ Իրանը արտադրելու տարբեր տեսակի հրթիռներ, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել ապագային արձանագրուելիք հաւանական շրջափակումներ:

«Դիմադրութիւնը պէտք է վարուի այնպէս մը, որ ինքն է երկրին ազգային պաշտպանութեան հիմնական ռազմավարութիւնը, ինչպէս նաեւ զինուորական ուժը, որ ունի շրջանային դերակատարութիւն` Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի քաղաքականութիւններուն բանեցումը արգիլելու առաքելութեան մէջ», շեշտեց Նաաման:

Ան հաստատեց, որ ռազմավարական այս երկու նպատակները կ՛ենթադրեն, որ Դիմադրութիւնը ունենայ հրթիռային հզօր համակարգերու տէր ըլլալու կամքն ու կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ունեցած այդ ուժէն բաժին հանէ լիբանանեան բանակին, որպէսզի անոնք միասնաբար կարենան գործադրել Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը:

Լիբանանեան բանակի հանգստեան կոչուած զօրավարներէն Նիզար Ապտել Քատեր գնահատեց Դիմադրութեան այն նուաճումը, որուն ծիրին մէջ ան կրցաւ արաբ ժողովուրդներուն առջեւ բացայայտել իրենց ղեկավարներուն վատ վարչակարգերուն իրականութիւնը, ինչ որ դուռ բացաւ բռնատիրութեան դէմ պայքարին եւ յեղափոխութիւններուն:

Իր կարգին, լիբանանեան բանակի ռազմավարական փորձագէտ Էլիաս Հաննա յայտնեց, որ 2006-ին տիրող պայմանները ներկայի պայմաններուն չեն համընկնիր: Ան դիտել տուաւ, որ յուլիսեան պատերազմի փորձառութենէն դասեր քաղած են Իսրայէլը եւ Դիմադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիան եւ Իրանը:

Հաննա հաստատեց, որ 2006-ին Դիմադրութիւնը շատ կարեւոր նուաճում կրցած է իրագործել: Նուաճում մը, որ հիմնած է ռազմավարական փոփոխութիւն մը` մեկնելով հիմնական որոշ առանցքներէ, որոնք են.

ա) Յուլիսեան պատերազմը Իսրայէլի մէջ յառաջացուց մեծ հարուած մը, ինչպէս նաեւ պատճառեց քաղաքական եւ զինուորական ձախողութիւն եւ փոփոխութիւն:

բ) Միացեալ Նահանգները ձախողեցան Դիմադրութիւնը կամ Հըզպալլան տապալել եւ Սուրիան շրջափակել, հետեւաբար Դիմադրութիւնը շրջանին մէջ պարտադրեց ռազմավարական կարեւոր փոփոխութիւն մը:

գ) Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակը Սուրիոյ կողմէ ներդրուեցաւ Իրանի եւ Հըզպալլայի առանցքին միջեւ կապը զօրացնելու նպատակով: Այս ջանքերուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ յաջողցնել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ եռակողմանի հանդիպումը:

դ) Իրան զինուորական ուղղակի հարուածի մը առաջքը առաւ, մինչդեռ Միացեալ Նահանգներ ու Իսրայէլ ձախողեցան Իրանի մէջ հիւլէական ուժի հարստացման ծրագիրը կասեցնել, հետեւաբար այդ տագնապին արդիւնքը եղաւ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանային Կապոյտ գիծին լուսարձակի տակ գտնուելու իրականութիւնը:

ե) Լիբանան իրականացուց զինուորական յաղթանակ մը, սակայն քաղաքական գետնի վրայ ան արձանագրեց մեծ ձախողութիւններ` պատերազմէն ետք Լիբանանի մէջ արձանագրուած ներքին քաղաքական երկփեղկումին պատճառով: Այս բոլորին կողքին սակայն, Հըզպալլա կրցաւ փաստել զինուորական իր ռազմավարութիւնը:

զ) Միացեալ Նահանգներ իրենց քաղաքականութեան մէջ որոշ փոփոխութիւններ որդեգրեցին, սակայն անոնք իրենց ռազմավարութիւնը պահպանեցին: Այս իրականութեան առընթեր, շրջանային առումով ի յայտ եկան նոր տարրեր` Իրանը եւ Թուրքիան, արձանագրուեցաւ դրամի համաշխարհային տագնապը, իսկ ամէնէն յատկանշականը դարձաւ Արաբական աշխարհին մէջ ծայր առած իրերայաջորդ ինթիֆատաները:

Հաննա հաստատեց, որ Լիբանանի որդեգրած բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն ոսկեայ տարազին ծիրին մէջ Հըզպալլա պիտի դիմագրաւէ իսկական հարց մը, որովհետեւ ան լիբանանեան բանակին հետ լուրջ հարց մը ունի: Հարց մը, որուն ծիրին մէջ ան չի կրնար բանակին հետ միատեղ կռուիլ, «հետեւաբար Դիմադրութիւնը պէտք է շրջանին մէջ տիրող բոլոր փոփոխութիւններուն եւ նոր իրականութիւններուն հետ յարմարի», եզրափակեց Հաննա:

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES