ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Արաբական խորհրդարանը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող բռնարարքները, սպանութիւնները, քանդումն ու արիւնահեղութիւնը անմիջապէս պէտք է դադրին: Խորհրդարանը մերժեց տագնապին ապահովական լուծումը, որ միայն սուրիացի ժողովուրդը մասնատելու կը ծառայէ:

Արաբական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց եւ ազգային ապահովութեան յանձնախումբի արտակարգ ժողովը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով կոչ ուղղեց` աճապարելու «արիւնահեղութեան պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու», սուրիական բանակը ժողովուրդին հետ բախումի չառաջնորդելու, անմիջապէս բարեփոխումներ կատարելու սկսելու, ինչպէս նաեւ որեւէ արտաքին միջամտութեան առիթ չընծայելու:

Յանձնախումբը յայտնեց, որ կը մերժէ յարանուանական պայքարներու հրահրումն ու սուրիացի ժողովուրդը մասնատելու փորձերը, եւ կոչ ուղղեց խաղաղ իշխանափոխութեան եւ սուրիական բոլոր կողմերը ներառող ազգային փրկութեան կառավարութեան մը կազմութեան:

Յանձնախումբի անդամները առաջարկեցին պատուիրակութիւն մը ուղարկել Սուրիա` կացութեան տեղւոյն վրայ ծանօթանալով խորհրդարանին զեկուցում մը ներկայացնելու:

Արաբական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբը` անդրադառնալով Լիպիոյ կացութեան, Մոամմար Քազզաֆիի վարչակարգին կոչ ուղղեց իշխանութիւնը յանձնելու ժողովուրդին, ազգային սահմանադրութեան մը ներքոյ պետական կառոյցներ ստեղծելու, Լիպիոյ ամբողջականութիւնը պահպանելու, բախումները դադրեցնելու եւ արտաքին միջամտութիւնները մերժելու:

Խորհրդարանը նաեւ մերժեց Եմէնի մասնատումը` կոչ ուղղելով տագնապի լուծման Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը վերաշխուժացնելու եւ մերժելու արտաքին միջամտութիւնները, ինչ ձեւի տակ ալ ըլլան անոնք:

 

Share this Article
CATEGORIES