«ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԺԱՄԸ ԱՒԵՏՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՏԱՊԱԼՈՒՄԸ ՄՕՏ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՏԵԼ ԺԱԼԻԼ

Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլ

Լիպիոյ ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտարարեց, որ «Թրիփոլիի մէջ յաղթանակի ժամը աւետուեցաւ եւ ՔազզաՖիի տապալումը մօտ է»:

Մինչ ըմբոստները մուտք գործեցին Թրիփոլի, ան մտավախութիւն յայտնեց, որ Քազզաֆիի ուժերը ըմբոստներուն դէմ արգիլեալ զէնքեր կ՛օգտագործեն:

Լիպիացի ըմբոստները յայտարարեցին, որ մայրաքաղաք Թրիփոլիի տիրանալու ժամը հնչած է: Ըմբոստները Թրիփոլիի մէջ գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնատեղին գրաւեցին: Անոնց միացան Քազզաֆիի ուժերէն դասալիք տարրեր եւ միասնաբար գրաւեցին Լիպիոյ մայրաքաղաքի օդակայանը:

Մոամմար Քազզաֆիի որդին` Սէյֆուլ Իսլամ Քազզաֆի ձայնագրուած պատգամի մը մէջ մերժեց անձնատուութեան կարելիութիւնը: Քազզաֆի իր կարգին իր համակիրներուն կոչ ուղղեց ըմբոստներուն յարձակումը ետ մղելու:

Թրիփոլիի բնակիչները հաղորդեցին, որ Լիպիոյ մայրաքաղաքի շարք մը թաղերուն մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենան:

Մինչ այդ, ՕԹԱՆ-ի ռմբաձիգները երէկ Թրիփոլիի հարաւը գտնուող Ազիզիիէ մէջ Քազզաֆիի կեդրոնատեղին ռմբակոծեցին:

Share this Article
CATEGORIES