ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍՐԻ
Ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու մէկ աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ Կազայի մէջ գտնուող միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու աշխատակիցները կը պատրաստուին հեռանալու Կազայէն` զգուշանալով շրջանին դէմ իսրայէլեան լայնածաւալ գործողութեան մը հաւանականութենէն:
Աղբիւրը նշած է, որ Կազա պիտի մնան միայն ՄԱԿ-ի Պաղեստինցի գաղթականներու հարցերով միջինարեւելեան գործակալութեան աշխատակիցները:
Կազայի մէջ կացութիւնը վատթարացաւ, երբ հարաւային Իսրայէլի Էյլաթ քաղաքին մօտ իսրայէլեան փոխադրակառքերու դէմ տեղի ունեցան յարձակումներ, որոնց պատճառով 8 իսրայէլացիներ սպաննուեցան: Գործողութենէն ետք իսրայէլեան օդուժը հարուածեց Կազան` սպաննելով Ժողովրդային դիմադրութեան յանձնախումբեր կազմակերպութենէն ղեկավար դէմքեր: Պաղեստինցիք իրենց կարգին հակադարձելով ռմբակոծեցին իսրայէլեան տարածքներ:
Երէկ առաւօտ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր ձերբակալեցին Համասի 120 անդամներ: Համաս շարժումը յայտարարեց, որ Իսրայէլի հետ 2009-էն ի վեր գործող զինադադարը չեղեալ կը նկատէ: «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլացի նախարար մը յայտարարած է. «Հրթիռարձակումներուն իբրեւ հակադարձութիւն Կազայի մէջ լայնածաւալ ցամաքային գործողութիւն մը չենք բացառեր»:

