«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ «ՄԱՇՏՈՑ» ԱՐՇԱՒԱԽՈՒՄԲԸ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Աշխարհի շուրջ ճամբորդութենէն անցեալ ուրբաթ օր Հայաստան վերադարձաւ «Մաշտոց» արշաւախումբը` Զօրի Բալայեանի գլխաւորութեամբ:
«Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ արշաւախումբը դիմաւորելու եկած էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, արշաւախումբի անդամներու հարազատներ, ընկերներ եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ:
28 մայիս 2009-ին Վալենսիայէն սկիզբ առած «Մաշտոց» արշաւախումբի աշխարհի շուրջ ճամբորդութիւնը աւարտեցաւ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակի նախաշեմին: Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքի նաւահանգիստին մէջ «Արմենիա» առագաստանաւի աշխարհի շուրջ նաւարկութեան աւարտին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ` «Մաշտոց» արշաւախումբի ղեկավար Զօրի Բալայեան նշեց, որ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի անուան գիտարշաւի ծիրին մէջ «Արմենիա» առագաստանաւը, սկիզբ առնելով Միջերկրական ծովի ջուրերէն, Ճիպրալթարի նեղուցով կտրած-անցած է Ատլանտեան, Խաղաղ եւ Հնդկական ովկիանոսները:
Գիտարշաւի ղեկավարը նշեց, որ անձնակազմի անդամները հինգ ցամաքամասերուն վրայ, ուր դարերէ ի վեր ապրած են եւ կ՛ապրին միլիոնաւոր հայեր, յաղթահարած են իրենց առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները: