«ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ԿԻՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
«Հրայր Մարուխեան» հիմնարկը վերջերս Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն ստացած է դրամական պարգեւ մը` պատրաստելու համար Հայաստանի մէջ կիներուն դիմագրաւած խնդիրները, մարտահրաւէրներն ու ձեռքբերումները ներկայացնող վեց մասերէ բաղկացած պատկերասփիւռի յայտագիր մը, որ աշնան պիտի սփռուի «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանէն: «Կիներ Հայաստանի մէջ» պատկերասփիւռի յայտագիրը 6.5 ժամ տեւողութեամբ է:
Հիմնարկը նաեւ կազմակերպած է ընկերվար ժողովրդավարութեան մասին յատուկ աշխատանքային ծրագիր մը, որ պիտի կեդրոնանայ ընկերվար ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներուն, նախորդ երկու տասնամեակներուն Եւրոպայի մէջ ընկերվար ժողովրդավարութեան ունեցած ձեռքբերումներուն, ընկերվար ժողովրդավարութեան ապագային եւ Հայաստանի համար անոր կարեւորութեան վրայ: Հոկտեմբերին նախատեսուած ծրագիրը պիտի ղեկավարէ «Ընկերվար ժողովրդավարութեան հիմքերը» գիրքի համահեղինակ Քրիսթիան Քրել: Պիտի քննարկուին Հայաստանի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական կացութիւնը:
Նշենք, որ «Հրայր Մարուխեան» հիմնարկը Հայաստանի մէջ ընկերվար ժողովրդավարական ոչ շահութաբեր հիմնարկ մըն է, որ հիմնուած է 2009-ին: