«ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ը` dasaran.am ԾՐԱԳԻՐԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ

«Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ընկերութեան աջակցութեամբ այսուհետեւ dasaran.am ծրագիրը ձրիօրէն հասանելի պիտի դառնայ Հայաստանի բոլոր դպրոցներուն: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, dasaran.am կրթական ծրագիրի հիմնադիր Սուրէն Ալոյեան եւ ծրագիրի գլխաւոր գործընկեր «Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան անցեալ ուրբաթ օր այս առնչութեամբ ստորագրեցին համագործակցութեան համաձայնագիր:

Սկիզբը Երեւանի, ապա նաեւ ամբողջ հանրապետութեան տարողութեամբ բոլոր դպրոցները պիտի ներգրաւուին dasaran.am ծրագիրին մէջ` ստեղծելով միասնական կրթական ելեկտրոնային մէկ համակարգ եւ «աշակերտ-ծնող-ուսուցիչ» կապը ապահովող համապարփակ միջավայր:

«Որակեալ կրթութիւնը երկրի յառաջընթացին ամէնէն կարեւոր գրաւականներէն մէկն է: Այս տրամաբանութեամբ առաջնորդուելով` «Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ը բազմաթիւ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ կրթական մարզին մէջ: Երեխային համար որակեալ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ապահովելու նպատակով անհրաժեշտ է ամրացնել ընտանիք- դպրոց կապը: Ողջունելի է, որ կրթական հոլովոյթին մէջ այժմ արդէն կը ներգրաւուին նորարարական մօտեցումներ եւ արհեստագիտական միջոցներ», նշեց «Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES