ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը գոհ է պատրիարքական ընտրութիւններուն ընթացքէն: Նոյն օրաթերթը աւելցուց, որ մարոնի նոր պատրիարքին ընտրութեան առումով յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին զարգացում մը նախատեսուած է:

«ՔՈՒՆԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն, մօտիկ ապագային վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը, որմէ ետք Լիբանանի կառավարութեան ծնունդը պիտի յայտարարուի:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքը դէպի լիբանանցիներուն սիրտը ուղղելով ծառայած կ’ըլլանք Իսրայէլի շահերուն:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ալի Ապտալլա շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը եւ անոր զէնքը նահատակներուն կողմէ իրենց կտակուած պատասխանատուութիւն է` աւելցնելով, որ այդ զէնքին դէմ երկարող ձեռքերը պիտի կտրուին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքն է Լիբանանը պաշտպանողը եւ Լիբանանի փառքը կերտողը: Ան աւելցուց, որ եթէ զէնքը ըլլար Լիբանանին իշխողը, ապա ոչ ոք կրնար ելեւմուտքի նախարարութիւնը 15 տարի պահել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ սեւ շապիկաւորները Միքաթին վարչապետ նշանակած են` դիտել տալով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը յարգեն այն Դիմադրութիւնը, որ լիբանանեան օրինականութեան ընդմէջէն ուղղուած է Իսրայէլի դէմ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գոյացած նոր մեծամասնութեան պարտականութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններու կայացումը:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ իր ներկայացուցած շարժումը կը նախընտրէ պաշտօնապէս քաղաքական խմբաւորումի մը մաս չկազմել: Ան ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պէտք չէ վաւերացնեն որեւէ առաջարկ, որ Լիբանանի մէջ երկփեղկումը կը սրէ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն տարածած լարուածութեան մթնոլորտին առընթեր նախանցեալ օրուան հաւաքը սովորական էր, սակայն ներկաներուն թիւը նուազ քան սովորական: Ան ընդգծեց, որ գերիշխանութեան մասին խօսող ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին պատկերով որմազդին գոյութիւնը անարգանք է թէ՛ թագաւորին եւ թէ՛ լիբանանցիներուն հասցէին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Միքաթի ինքզինք ներքին լիբանանեան լարուածութեան դէմ յանդիման զետեղած է` վարչապետի պաշտօնը եւ Դիմադրութեան զէնքին դէմ պայքարը ընդունելով:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերէն աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իրենց հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեցին, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կեցուածքներուն մէջ նորութիւն մը չէ արձանագրուած, բացի մատ թափահարելէ եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին թիրախ դարձնելէ: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ այդ կեցուածքներուն դէմ իրենց պատասխանը պիտի ըլլայ ամուր կառավարութիւն մը կազմել:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերէն աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք Ա. ծրագիրը գործադրած են եւ անցած են Բ. ծրագիրը գործադրելու հանգրուանին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան բոլոր խոչընդոտները կարելի պիտի ըլլայ հարթել, իսկ կառավարութիւնը պիտի կազմուի առաւելագոյնը 10 օրէն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան ծնունդին յայտարարութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ շաբաթավերջին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթ. «Կը նախատեսուի, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի 13 մարտին կատարուած յայտարարութիւններուն պատասխանէ վաղը` հանրապետութեան նախագահին կատարելիք իր այցելութենէն ետք»:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի կազմուի յառաջիկայ 7 օրերուն ընթացքին: Նոյն օրաթերթը նկատել տուաւ, որ Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցած կիրակի օրուան հաւաքին ընթացքին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց ամբողջ մաղձը թափած են Դիմադրութեան զէնքին վրայ:

«ՔԱՏԱՅԱ ԽԱԼԻԺ» կեդրոնը բացայայտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ կողմէ խստիւ պախարակուած է Դիմադրութեան եւ Հըզպալլայի դէմ անոր ձեռնարկած արշաւին համար: Նոյն կեդրոնը «Խալիժ» օրաթերթին մէջ հրապարակած  է տեղեկագիր մը, որուն մէջ նշուած է, թէ այդ պախարակումը կատարուած է 6 մարտին Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ Սաատ Հարիրիի միջեւ լուսարձակներէ հեռու տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով եւրոպացի պատասխանատուէ մը, շեշտեց, որ թէեւ Լիբանանի մէջ տակաւին կան մարդիկ, որոնք կը խօսին նախնական ամբաստանութեան մասին, սակայն եւրոպական կարգ մը պետութիւններ գիտեն, թէ այդ ամբաստանութեան էջը փակուած է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ կէսօրէ ետք իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պըտիաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած զարգացումները:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան առեւտրուի եւ տնտեսութեան նախարար Մոհամետ Սաֆատի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ լիբանանեան-ամերիկեան գործակցութեան ամրապնդումը, յատկապէս լիբանանեան բանակին զօրակցութեան ծիրին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES