ՄԱՐՏ 14-Ի ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ԴՐՈՒԱՏԵՆ, ԻՍԿ ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեցին ու դրուատեցին լիբանանցիներուն յանձնառութիւնը` մասնակցելու կիրակի օրուան ցոյցին, որ առիթ էր վերանորոգելու ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան կերտման յեղափոխութիւնը` ի խնդիր արդարութեան, ճշմարտութեան, լիբանանեան պետութեան վերականգնումին եւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կիրակի օր լիբանանցիները յաղթեցին զէնքի սարսափի իշխանութեան:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի երեսփոխաններ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ ունեցած իրենց հարցազրոյցներուն ընթացքին խստիւ քննադատեցին կիրակի օր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանած խօսքերը` զանոնք նմանցնելով պէյրութցի Ապուլ Ապըտի ոճով Թարիք Ժտիտէի բնակչութեան հետ խօսակցութեան:
Հըզպալլայի երեսփոխանները ընդգծեցին, որ Հարիրիի ճառը երբեք պետական մակարդակի անձնաւորութեան վայել չէր, ընդհակառակն` ան կը վատնէ իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կերտած պետական անձնաւորութեան կերպարի փառքը:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ կիրակի օրուան ցոյցին կարգախօսները կը ծառայեն իսրայէլեան ծրագիրներուն եւ կը ջանան լարուածութիւն հրահրել նոյն երկրի ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ: