ՌԱՀՄԷ. «Ո՛Չ ԴՐԱՄԻ ԶԷՆՔԻՆ, ՈՐ ԱՅԼԱՆԴԱԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԵՒ ԳՆԵՑ ԽԻՂՃԵՐԸ»

Ուատիհ Խազեն, Եուսեֆ Սաատէ, Ասեմ Քանսօ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ երէկ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքին` ներկայութեամբ լիբանանեան պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, որոնց շարքին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:

 

Ճաշկերոյթին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Ռահմէ ընդգծեց Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքին պարկեշտութիւնը եւ ժողովուրդին շահերուն նկատմամբ անոր նախանձախնդրութիւնը` աւելցնելով, որ այդ պլոքը իրերայաջորդ կառավարութիւններուն մէջ ունեցած է ամէնէն ատակ նախարարները:

Ռահմէ հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրաւունք չունին ոչ ըսելու, «այլ մենք պէտք է ո՛չ ըսենք դրամի զէնքին, որ գնեց խիղճերն ու գրիչները եւ ամէն չարիք հասցուց երկրին: Զէնքին դէմ պայքարողները կը մոռնան, որ իրենք դրամի զէնքով փտտեցուցին լիբանանեան քաղաքական կեանքը, խորհրդարանական փոքրամասնութիւնը վերածեցին մեծամասնութեան եւ թալանեցին պետութեան բոլոր մարզերը», հաստատեց Ռահմէ:

Share this Article
CATEGORIES