ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ` ԼԻՊԻՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՆՈՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսայի հետ` դրուատելով Արաբական լիկային կեցուածքը Լիպիոյ կացութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ լիպիացիներուն ու մարդկութեան դէմ Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի գործած սպանդներուն կապակցութեամբ:
Խորհրդարանի նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ քուէյթցի իր պաշտօնակիցէն` Ժասեմ Խուրաֆիէն, որուն հետ համաձայնութիւն գոյացուց յառաջիկայ շաբաթ օր Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական խորհրդարանի նիստին ներկայ գտնուելու առումով:
Արաբական խորհրդարանի նիստին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանի նոր նախագահի ընտրութիւն:
Պըրրի ընդունեց նախկին երեսփոխան Օկիւսթ Պախոսը, ինչպէս նաեւ հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, ի պատասխան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու նախանցեալ օրուան հաւաքին մասին «Նահար» օրաթերթին կողմէ ուղղուած հարցումին, Պըրրի բաւարարուեցաւ նշելով, թէ ինք մեկնաբանութիւն չունի` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ լիբանանցիները այդ պատասխանին կը սպասեն:
Այս ծիրին մէջ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին յաւելեալ թափ տալով պատասխանած կ՛ըլլանք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ստեղծած աղմուկին: