ԺՈՄՊԼԱԹ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՊԼՈՔԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին հետ հանդիպման ընթացքին

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ ըսաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու լաւագոյն ձեւը կառավարութեան կազմութիւնն է, իսկ անկարելիութենէ դուրս գալու միակ ձեւը կառավարութիւնն է:

Ժոմպլաթ զարմանք յայտնեց, որ անկարելիութիւններու մասին խօսքեր կ՛արձանագրուին, երբ Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները տակաւին բռնագրաւուած են, իսկ լիբանանեան Ղաժար գիւղաքաղաքը տակաւին Լիբանանին չէ վերադարձուած այսպէս կոչուած միջազգային հանրութեան կողմէ:

«Շէյխ Սաատ Հարիրի, որդին` Ռաֆիք Հարիրիի, որուն հետ մենք ճշդած ենք ազգային հիմնական սկզբունքները` թշնամին եւ բարեկամը տարբերակելու առումով, Սուրիոյ հետ հեզասահ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ամրապնդումը պէտք էր երէկ վերահաստատէր արտասանած իր ճաշին մէջ: Այն անկարելիութիւնները, որոնց մասին խօսուեցաւ կիրակի օր, անգոյ են եւ անհրաժեշտ է վերադառնալ ազգային սկզբունքներուն ու երկխօսութեան», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Իր կարգին, երեսփոխան Ռաատ յայտնեց, որ Ժոմպլաթին կատարած իրենց այցելութեան նպատակն է վերջնական քայլեր առնել Հըզպալլայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ` դուրս գալու համար ներկայիս մեր դիմագրաւած դժուարութիւններէն:

Ռաատ մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութեան ծնունդը յայտարարուի յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ ժողովուրդին կարիքները հոգալ, իսկ պետութիւնը կարենայ ազգային իր սկզբունքներուն յանձնառու մնալ:

Ռաատ յայտնեց, որ իրենք ոչ ոքի հետ յարաբերութիւններու խզում կամ գժտութիւն կ՛ուզեն:

«ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՎԱԽԸ ՍԱԴՐԱՆՔՆ Է, ԻՍԿ ՈՄԱՆՔ
ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ»

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ «Անպա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսնող իր շաբթուան յօդուածին մէջ շեշտեց, որ եթէ ոմանք մեզ կը մեղադրեն քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ ներլիբանանեան կայունութիւնը առաջնահերթութիւն նկատելնուս եւ Լիբանանը սադրանքներէ փրկելու մեր ջանքերուն համար, ապա անոնք պէտք է ըմբռնեն, որ այդ ընտրանքը մենք կատարած ենք համոզումով եւ դժուար պայմաններու ընթացքին:

Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախագահը ողջունեց Լեռնալիբանանի բնակիչները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը չբերին 13 մարտի ցոյցին:

Ան շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի բնակիչները կ՛ըմբռնեն իր համոզումները` սադրանքներէ հեռու մնալու եւ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւն նկատելու առումով:

Share this Article
CATEGORIES