ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Սեւանի մէջ «Միասին» երիտասարդական շարժման ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը:
«Հայաստանի նախագահը կ՛ուզէ ձախողեցնել բանակցային հոլովոյթին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
CATEGORIES Հայկական

