«ՆՈՐ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐԹՈՒՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆՆ Է» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ Նապաթիէի մէջ սարքուած իֆթարի մը ընթացքին արտասանած իր խօսքին

ընդմէջէն հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ արթուն Դիմադրութեան գոյութիւնն է, որ կը խոչընդոտէ եւ ձախողութեան կը մատնէ նոր Միջին Արեւելք մը ստեղծելու ծրագիրը:

Ռաատ շեշտեց, որ Դիմադրութեան համար առաջնահերթութիւն կը մնայ թշնամի Իսրայէլի դէմ պայքարը` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր նահատակներուն թափած արեան եւ կը յարգէ անոնց անթառամ յիշատակը, ինչպէս նաեւ պայքարի իր ուխտը կը վերանորոգէ անոնց զոհաբերութեան ընդմէջէն:

Ռաատ նկատել տուաւ, որ ինք երբեք չափազանցած չ՛ըլլար, երբ յայտնէ, թէ ներկայիս Սուրիոյ դէմ բանեցուող ամերիկեան ճնշումներուն հիմնական նպատակն է թիրախ դարձնել Դիմադրութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց պահպանելու Դիմադրութիւնը եւ աշխատելու անոր յաւելեալ հզօրացման համար:

 

Share this Article
CATEGORIES