«ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆ Է ՄԻԱԿ ԼՈՒԾՈՒՄԸ, ԻՍԿ ԱՐՏԱՔԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԴՐՈՒԱԾ ԳՐԱՒԸ ԿԸ ՔԱՆԴԷ ԲՈԼՈՐԸ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԱԼԻ ՀԱՍԱՆ ԽԱԼԻԼ

Ալի Հասան Խալիլ

Մաշղարայի մէջ Ամալ շարժումին  կազմակերպած իֆթարին ընթացքին առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել միայն երկխօսութեամբ` ընդգծելով, որ արտաքին ուժերուն վրայ դրուած գրաւը կը քանդէ լիբանանեան բոլոր կողմերը եւ ոչ մէկ շահ կ՛ապահովէ անոնց:

Հասան Խալիլ ընդգծեց, որ երկրին հզօր ազդակները հարուածելով ոչ մէկ նուաճում գործած կ՛ըլլանք, այլ` քայքայած կ՛ըլլանք երկրին կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ առիթ տուած կ՛ըլլանք թշնամիին, որպէսզի իր կարգին թիրախ դարձնէ մեր հզօրութիւնն ու կարողութիւնները:

Այս ծիրին մէջ, առողջապահութեան նախարարը հաստատեց, որ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռանկիւնը երաշխիք է բոլոր լիբանանցիներուն համար: «Նոյնիսկ այն ուժերուն համար, որոնց հետ քաղաքական տարակարծութիւններ ունինք», ընդգծեց ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES