ՍԻՆԿ. «ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ԿՐԱԾ»

Նիրաժ Սինկ

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Նիրաժ Սինկ` ակնարկելով Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին ուղղուած նամակին, որուն մէջ նշուած էր, թէ ֆրանսական ջոկատին դէմ որեւէ յարձակումի պարագային Փարիզ վերատեսութեան պիտի ենթարկէ իր ջոկատին անձնակազմին թիւը, նշեց, որ ինք նման նամակագրութիւններ չի կրնար մեկնաբանել:

Միւս կողմէ, սակայն, Սինկ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող ֆրանսական զօրամասին անդամներուն թիւը ոչ մէկ փոփոխութիւն կրած է: Ան աւելցուց, որ նախորդ երկու ամիսներուն ընթացքին Լիբանան ժամանած է նաեւ իրլանտական ջոկատը` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող երկիրներուն թիւը բարձրացնելով 36-ի:

Սինկ շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական ջոկատը նախորդ հինգ տարիներուն ընթացքին` գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին, բացառիկ դերակատարութիւն ունեցած է հարաւի մէջ` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES