ՈՒՐՈՒԱԳԻԾ. ԻՐԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՅԱԹՈՒԼԼԱ ԽԱՄԵՆԷԻ
«Ես աղքատ հոգի մը ունիմ, թերի մարմին մը եւ` քիչ մը արժանապատուութիւն, զոր դուք ինծի տուած էք, ես ատոնք բոլորն ալ պիտի զոհեմ, զոհաբերեմ յեղափոխութեան եւ իսլամութեան համար», ըսաւ այաթուլլա Ալի Խամենէի, 2009-ին:
Իրանի մէջ Ալի Խամենէիի խօսքը բացարձակ է: Աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր ան իր երկրին գերագոյն առաջնորդն է:
Բայց արտաքին աշխարհը անոր մասին միայն երկու բան գիտէ. ան գրեթէ նոյն անունը ունի անոր հետ, զոր փոխարինած է, այաթուլլա Խոմէյնի, եւ անշքացած է այն անձին կողմէ, նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ, որուն ինք կը գերազանցէ:
Երբ մենք կը տեսնենք Ալի Խամենէին, որ յաճախ Միացեալ Նահանգներու դէմ քարոզ կու տայ, այլամերժ, տհաճ դէմքով, սպիտակամօրուս եւ սեւ գլխանոցով:
Սակայն կը պարզուի, որ այս նոյն մարդը ծխամորճ կը գործածէ, պարտիզպանութիւն կը սիրէ եւ բանաստեղծութենէ հաճոյք կ՛առնէ:
Ժամանակն է այաթուլլային ծանօթանալու:
ԿՂԵՐԱԿԱՆ` 11 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ
Ալի Խամենէի ծնած է 1939-ին, հիւսիսային Մաշհատ քաղաքը, որ Իրանի ամէնէն սուրբ քաղաքն է:
«Ան շատ սովորական, պարզ մարդ մըն է, եւ ասիկա է իր յաջողութեան բանալին»:
ՄԵՀՏԻ ԽԱԼԱԺԻ. կենսագիր
Ան հետեւեցաւ հօրը եւ կղերական եղաւ: Ատիկա շատ դիւրին ընտրութիւն մը չէր: Ան հասակ առաւ, մեծցաւ Մոհամետ Ռիզա Փահլաւի շահի իշխանութեան ժամանակաշրջանին: Շահը աշխարհիկ միապետ մըն էր, որ կրօնը հնաբոյր եւ կասկածելի կը նկատէր:
«Խամենէի կղերական դարձաւ, երբ տակաւին շատ երիտասարդ էր, 11 տարեկանին», կ՛ըսէ Մեհտի Խալաժի, որ այաթուլլային կենսագրութիւնը կը պատրաստէ:
«Ան կը հագնէր կղերականի զգեստը, որ շատ դժուար էր կրելը, երբ կը խաղար երեխաներուն հետ, փողոցներուն մէջ: Մարդիկ զայն կը ծաղրէին Մաշհատի մէջ ապրած յատուկ ժամանակամիջոցին համար: Ան շատ դժուար կեանք ունէր:
Բայց Ալի Խամենէի գոյատեւեց: Ան ամուսնացաւ եւ վեց զաւակներ ունեցաւ (մենք տղոց նկարները ունինք, սակայն կնոջ կամ դուստրերունը չունինք): Անոր մեծ ընտանիքին որոշ անդամներ Իրանէն դուրս կ՛ապրին: Անոր եղբօրորդին` Մոհամետ Մորատխանի, աքսորի մէջ կ՛ապրի, Փարիզ: Ան կը յիշէ հօրեղբայրը` իբրեւ խաղաղ, լռակեաց մարդ մը, որ բանաստեղծութիւն կը սիրէր:
«Խամենէի շատ լաւ, հաճելի եւ ընկերասէր է», ըսաւ Մորատխանի:
«Հետաքրքրական է սակայն, որ իմ յիշողութեանս մէջ Խամենէին աննշան էր: Ան ոչ մէկ ձեւով արտակարգ էր: Ան շատ սովորական էր: Օրինակ, Մաշհատէն եկող մարդիկ բանաստեղծական, քնարական հակումներ կ՛ունենան: Բոլոր իրանցիները բանաստեղծութեան նոթատետր մը ունին, եւ բոլորս ալ արուեստները կը սիրենք»:
ՄԱՐՔՍԱԿԱՆՆ ՈՒ ԿՂԵՐԱԿԱՆԸ
Ալի Խամենէի իր առաջին տարիներուն նաեւ կը սիրէր ծխախոտները, նոյնիսկ` ծխամորճը (շատ արտասովոր սովորութիւն մը կղերականի համար):
Ան նաեւ զօրակցած է շահի գլխաւոր թշնամիին` աքսորուած կղերական այաթուլլա Խոմէյնիին, որ կ՛ուզէր իսլամական իշխանութիւն հաստատել Իրանի մէջ:
Ալի Խամենէի փորձեց այաթուլլային պատգամները տարածել երկրին մէջ: Ասոր համար շահին ոստիկանները զինք 6 անգամ ձերբակալեցին:
1970-ական թուականներուն ընթացքին մարքսական խմբակներ եւս կը փորձէին շահէն ձերբազատիլ: Ուրեմն կղերական Ալի Խամենէի բանտարկուեցաւ երիտասարդ համայնավար Հուշանկ Ասատիի հետ, նոյն խուցին մէջ: Կղերականն ու համայնավարը իրարու հետ շատ լաւ ապրեցան:
«Ան շատ լաւ մարդ էր», ըսաւ Ասատի:
«Ան կը կատակէր շատ, շատ մանր բաներու մասին, որոնք ոչ մէկ կապ ունէին սեռային հարցերու հետ»:
«Դուք բնաւ կը խորհէի՞ք, թէ ան կրնար ի վերջոյ Իրանի գերագոյն առաջնորդը ըլլալ», հարցուցի ես:
«Բնա՛ւ, բնա՛ւ, բնա՛ւ եւ բնա՛ւ», ըսաւ Ասատի:
ՊԱՏԱՆԴՆԵՐՈՒ ՃԳՆԱԺԱՄ
Սակայն 1979-ին ամէն ինչ փոխուեցաւ: Շահը տապալեցաւ: Այաթոլլա Խոմէյնին Փարիզէն օդանաւով ժամանեց եւ հիմնադրեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը: Իրան պիտի ղեկավարուէր կղերականներու կողմէ: Եւ Ալի Խամենէի անոնցմէ մէկն էր:
Քառասնամեայ Խամենէի անդամ դարձաւ նոր ղեկավարին ներքին շրջանակին, Թեհրանի մէջ ուրբաթօրեայ աղօթքներու առաջնորդ նշանակուելով:
Ան նոյնիսկ առաքուեցաւ դերակատարութիւն ունենալու յեղափոխութեան վճռորոշ միջոցառումին մէջ. Թեհրանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գրաւման դէպքին:
Իրանցի ուսանողներ աւելի քան 50 ամերիկացի դիւանագէտներ պատանդ բռնեցին: Պատանդներուն շարքին էր քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճոն Լիմպերթ: Կէսօրէ ետք մը, պատանդ բռնուելէ ամիս մը ետք, Լիմպերթի այցելեց անկոչ հիւր մը:
«Այդ տեսակցութիւնը ես չէի պահանջած», կը յիշէ Ճոն Լիմպերթ:
Երկու մարդիկը շուրջ 10 վայրկեան զրուցեցին: Անոնց զրոյցը արձանագրած էր Իրանի պատկերասփիւռի պետական կայանը:
«Ես կ՛ուզէի Իրանի եւ իրանցիներուն մասին իմ գիտցածներս իբրեւ լծակի նման բան մը իր դէմ օգտագործել», ըսաւ Լիմպերթ:
«Այնպէս որ, երբ ան օրինակի համար ըսաւ. «Որեւէ դժգոհութիւն ունի՞ս», ես ըսի. «Ուսանողները իրանեան աւանդական հիւրասիրութիւնը գերազանցած են: Ես գիտեմ, իրանցիք չեն ուզեր, որ իրենց հիւրերը մեկնին, բայց ասիկա իսկապէս ծիծաղելի է»: Ան ակնյայտօրէն անխելք, յիմար անձ մը չէր: Գիտէր, որ զինք կը հեգնէի:
ՌՈՒՄԲԷՆ ԵՏՔ
Բայց Ալի Խամենէի իր մտքին մէջ աւելի մեծ բաներ ունէր: 1981-ին ընդդիմադիր խումբ մը փորձեց սպաննել զայն: Ձայնագրող մեքենայի մը մէջ զետեղուած ականը պայթեցաւ, երբ ան մամլոյ ասուլիս կու տար: Աջ թեւը հաշմուեցաւ:
«Յարձակումէն ետք ես բաւական ծանր վիճակի մէջ էի, որովհետեւ ոչ ոքի միտքէն կ՛անցնէր, թէ ես կրնայի փրկուիլ», աւելի ուշ ըսաւ Խամենէի, Թեհրանի մէջ հանրութեան դիմաց խօսք առնելով:
«Ես այնպէս զգացի, որ մահուան սեմին եմ: Յաջորդ օրերուն ես սկսայ մտածել, թէ ինչո՞ւ փրկուեցայ: Եւ մէջս ծագեցաւ այն միտքը, որ Աստուած կարեւոր պատճառի մը համար ուզեց, որ ես փրկուիմ, գոյատեւեմ»:
Երբ տակաւին կ՛ապաքինէր, Խամենէի նախագահ ընտրուեցաւ: Ատիկա իշխանութիւն չունեցող, անպերախտ պաշտօն մըն էր: Այդ տարիներուն ան նկատուեցաւ յամառ եւ հաւատարիմ հետեւորդ մը:
Ապա 1989 թուականի յունիսին այաթոլլա Խոմէյնին մահացաւ: Կղերականները հաւաքուեցան ընտրելու համար նոր առաջնորդ մը: Ալի Խամենէի յայտնուեցաւ իբրեւ անարարկելի թեկնածու:
Ան միայն 49 տարեկան էր: Բայց շատ աւելի տարիքոտ կը թուէր: Ան ընտրուած էր, որպէսզի այաթոլլա Խոմէյնիի գաղափարներուն հետեւի, այլ ոչ թէ իր սեփական գաղափարները առաջադրէ:
«Ան շատ սովորական պարզ մարդ մըն է, եւ ես կը կարծեմ, որ ատիկա է իր յաջողութեան բանալին», ըսաւ Խամենէիի կենսագիր Մեհտի Խալաժի:
«Ան ամէն ինչ ծրագրեց, ամէն ինչի մասին մտածեց: Երբ առաջնորդ եղաւ, ոչինչ ունէր:
«Ամէնէն կարեւոր բաներէն մէկը, որ ան ըրաւ, շատ ճշգրիտ եւ նրբամիտ ծրագիր մըն էր, Իրան-Իրաք պատերազմէն ետք հզօրացնելու յեղափոխական պահակագունդը, եւ անոնց վստահելով, զանոնք հզօրացնելով` Խամենէի ամրապնդեց, հաստատեց իր սեփական ուժը, իշխանութիւնը եւ եղաւ շատ հզօր առաջնորդ մը»:
ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ալի Խամենէի այժմ ունի 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն շահին ունեցած բացարձակ իշխանութիւնը: Բայց ինք Փահլաւի հարստութեան վերջին միապետին ապրած կեանքէն բոլորովին տարբեր կենցաղ մը ունի:
«Երբ բռնատէր կը դառնաս, քու ականջներդ կը խուլնան, աչքերդ կը կուրնան»
ՀՈՒՇԱՆԿ ԱՍԱՏԻ, նախկին բանտակից
Շահը ամբողջ աշխարհի շուրջը ճամբորդած է եւ վայելած` խնճոյքներ, ձիակառքերով պտոյտներ: Ալի Խամենէի Իրանէն բնաւ չի մեկնիր: Կը թուի, թէ իր ամէնէն մեծ շռայլութիւնը փոքր պարտէզ մըն է (նկար մը ցոյց կու տայ, որ ան հաճոյքով կերպընկալ ցնցուղ մը կ՛օգտագործէ ծաղիկներ ջրելու համար): Ալի Խամենէի նախկին բանտակից Հուշանկ Ասատի մեծ յուսախափութեամբ հետեւած է բացարձակ իշխանութեան հասնելու այաթոլլայի երթին:
1970-ականներուն կղերականը եւ համայնավարը միասին պայքարած, կռուած են շահին իշխանութեան վերջ տալու համար: Այժմ համայնավարը կը կարծէ, որ իր նախկին բանտակիցը դաւաճանած է այն դատին, որուն համար իրենք երկուքը ժամանակին պայքարած են:
«Ազատութեան համար պայքարող անձէն ան փոխակերպուեցաւ Նատէրի, Խամենէի այժմ աւելի բռնատէր է, քան` շահը», ըսաւ ան:
«Եթէ այժմ հանդիպիս Խամենէին, ի՞նչ կ՛ըսես անոր», հարցուցի ես:
«Նախ` ես կ՛ըսեմ. ես քեզ չեմ ճանչնար: Դուն ո՞վ ես, պրն. Խամենէի: Որովհետեւ երբ բռնատէր կ՛ըլլաս, ականջներդ կը խուլնան, աչքերդ կը կուրնան. դուն ոչինչ կը տեսնես, ոչինչ կը լսես:
ՎԵՐՋԻ՞Ն ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
Բայց այաթոլլան կը վայելէ Յեղափոխական պահակագունդին հաւատարմութիւնը. ուժ մը, որ զինք իշխանութեան գլուխը կը պահէ:
Ալի Խամենէի այժմ Իրանը կը ղեկավարէ իր նախորդին` այաթոլլա Խոմէյնիի իշխանութեան ժամանակաշրջանի կրկնապատիկով: Ան 72 տարեկան է: Երբ մահանայ, Իրան արդեօք պիտի որոնէ՞ իր երրորդ գերագոյն առաջնորդը:
«Հետզհետէ աւելի դժուար է հաւատալը 21-րդ դարուն մէջ, թէ այս շատ երիտասարդ, արդի Իրանի ժողովուրդը պիտի ուզէ ղեկավարուիլ գերագոյն առաջնորդի մը կողմէ, որ կը միտի Աստուծոյ ներկայացուցիչը ըլլալ երկրի վրայ», ըսաւ ամերիկացի մեկնաբան Քարիմ Սատժատփուր: Ան աւելցուց. «Այնպէս որ, ես կը կարծեմ, թէ հաւանականութեան ծիրին մէջն է, որ այաթոլլա Ալի Խամենէի Իրանի վերջին գերագոյն առաջնորդը ըլլայ»:
Բայց այաթոլլան պիտի պայքարի, որպէսզի իր ժառանգած դրութիւնը, համակարգը փոխանցէ յաջորդ սերունդին:
Եթէ ան իր մէջ որեւէ տագնապ ունի, ատիկա շատ լաւ ծածկուած, թաքնուած է: Եթէ որեւէ կասկած ունի, Ալի Խամենէի ատիկա ուրիշին հետ պիտի չկիսէ:
Ան 60 տարիէ կղերական եղած է եւ կրօնական յեղափոխութեան մը պահապանը` 20 տարի:
Վերջաւորութեան գերագոյն առաջնորդը կը հաւատայ, որ ինք միայն Աստուծոյ պէտք է հաշիւ տայ:
ՃԷՅՄՍ ՌԵՆՈԼՏԶ
«Պի. Պի. Սի.»