ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆ. ԼԱՐՈՒԱԾ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ` ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – ԹԱԼԵՊԱՆ ՆՈՒՐԲ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Միացեալ Նահանգներու եւ Թալեպան շարժումին միջեւ նուրբ բանակցութիւններուն պէտք է արտօնուի ծաղկիլ, եթէ Աֆղանիստանի եւ ընդարձակ շրջանին մէջ խաղաղութիւն պիտի նուաճուի: Պի. Պի. Սի.-ի հիւր-յօդուածագիր Ահմետ Ռաշիտ կը գրէ.
Միացեալ Նահանգներ եւ ՕԹԱՆ ընդունեցին, որ իրենք չեն կրնար յաջող կերպով հեռանալ, նահանջել Աֆղանիստանէն կամ մինչեւ 2014 տեղական ուժերուն վստահիլ երկրին ապահովութիւնը` առանց վերջ տալու քաղաքացիական պատերազմին եւ Աֆղանիստանի կառավարութեան եւ Թալեպան շարժումին միջեւ քաղաքական լուծում մը յաջողցնելու:
Այսպիսի համաձայնութիւն մը պէտք է նաեւ ներառէ շրջանին մէջ այլ երկիրներու եւ Աֆղանիստանի դրացիներուն հետ հասկացողութիւն մը: Այս պատճառով, ինչպէս նաեւ հետեւելով նախագահ Պարաք Օպամայի ծրագիրին (մինչեւ սեպտեմբեր 2012 սահմանափակ հեռացում` 33 հազար ամերիկացի զինուորներու), Թալեպան շարժումին եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ընթացող բանակցութիւնները դարձած են ուշադրութեան կեդրոն, նոյնիսկ երբ պատերազմը կը սաստկանայ եւ Թալեպան շարժումը կը պահպանէ իր ապաստանարանները Փաքիստանի մէջ:
Անցեալ Նոյեմբերէն ի վեր բանակցութիւններու երեք հանգրուաններ տեղի ունեցած են Միացեալ Նահանգներու եւ Թալեպան շարժումին միջեւ:
Երկուքը տեղի ունեցած են Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մօտ գտնուող գիւղի մը մէջ, իսկ երրորդը` Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ: Գերմանացիները բանալի դերակատարութիւն ունեցան դիւրացնելու համար բանակցութիւնները, իսկ Քաթար եւս մասնակցեցաւ Թալեպան շարժումին խնդրանքով:
Սակայն Ուաշինկթըն, Լոնտոնի եւ Քապուլի մէջ կառավարական պաշտօնատարներու կողմէ կատարուած վերջին սպրդասացութիւնները, տեղեկութիւններու արտահոսքը կրնան հիմէն քանդել բանակցութիւնները եւ վտանգել կեանքերը մասնակիցներուն, ներառեալ` Թալեպանի բանակցողներուն, որոնց անունները յիշատակուած են լուրերու կարգ մը հաղորդումներու մէջ:
Անհրաժեշտ է, որ միջազգային լրատու գործակալութիւններ եւ կառավարութիւններ արտօնեն, առիթ տան, որպէսզի այս բանակցութիւնները յաջողին: Միակ միջոցը ատիկա ընելու` յարգելն է մասնակիցներուն համար անհրաժեշտ գաղտնապահութիւնը:
Վտանգուած է ոչ միայն Աֆղանիստանի համար խաղաղութիւնը, այլեւ` ամբողջ շրջանը, ներառեալ Փաքիստան, որ խախուտ կերպով մնացած է սառցահալի եզրին:
Միացեալ Նահանգներու եւ Թալեպան շարժումին միջեւ բանակցութիւնները տակաւին իրենց նախնական փուլին մէջ կը գտնուին, այն պահուն, երբ երկու կողմերն ալ կը քննեն զիրար` հաւատք եւ վստահութիւն կերտելու համար:
Ամբողջական բանակցութիւնները տակաւին պիտի սկսին եւ ատոնք յստակօրէն նաեւ պէտք է ներառեն Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայի կառավարութիւնը եւ որոշ մակարդակի վրայ` Փաքիստանը, որ արդէն Միացեալ Նահանգները կը մեղադրէ զինք այդ հոլովոյթէն դուրս ձգելուն համար:
ՄԵԾ ՄՂՈՒՄ
Այսուհանդերձ, երկու կողմերուն միջեւ փոխվստահութեան միջոցառումներ տեղի կ՛ունենան:
Նախագահ Քարզայ Թալեպան շարժումի բանտարկուած քանի մը անդամներ ազատ արձակեց` ընդառաջելով շարժումի պահանջին:
«Այժմ կարեւոր է, որ բոլոր կողմերը իրարու քով գան եւ որդեգրեն միասնական քաղաքականութիւն մը` վերջ տալու համար պատերազմին»:
Թալեպան շարժումը նաեւ պահանջած էր ամերիկացիներէն` ազատ արձակել Կուանթանամոյի մէջ արգելափակուած իրենց քանի մը ղեկավարները, որոնց շարքին` երեք բարձրաստիճան զինուորական հրամանատարներ, որոնք բանտարկուած են
2001 թուականէն ի վերջ (Նուրուլլահ Նուրի, Մուլլահ Ֆազել եւ, ամէնէն յատկանշականը, Թալեպանի ներքին գործոց նախկին նախարար Մուլլահ Խայրուլլահ Խայրխուա:
Աֆղանիստանի Խաղաղութեան գերագոյն խորհուրդը (70 անդամնոց մարմինը, որ կազմուած է նախագահ Քարզայի կողմէ, բանակցելու համար Թալեպանի հետ), նոյնպէս պահանջած է Խայրխուայի ազատ արձակումը, որպէսզի ան բանակցութեանց մասնակցի:
Սակայն զանոնք կարելի չէ ազատ արձակել Կուանթանամոյի խարիսխէն, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը վերջերս վաւերացուցած է օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ բանտարկուած ահաբեկիչները տեղափոխել Քուպայի ամերիկեան արգելարանէն:
Այդուհանդերձ, Ուաշինկթըն դիւրացուցած է այլ միջոցառումներ:
17 յունիս 2011-ին, յառաջընթաց խոշոր քայլով մը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ընդունեց Միացեալ Նահանգներու առաջարկը` 1998-էն ի վեր ՄԱԿ-ի պահպանած համաշխարհային ահաբեկիչներու ցանկին մէջ զանազանել Քայիտան Թալեպանէն եւ ըստ այնմ վերաբերիլ անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ:
Այժմ երկու տարբեր, անջատ ցանկեր պիտի ըլլան եւ Քայիտայի անդամներու դէմ հաստատուած պատժամիջոցները անպայմանօրէն պիտի չկիրարկուին Թալեպան շարժումին դէմ` դիւրացնելով այդ ցանկէն շարժումը դուրս հանելու հոլովոյթը, մեծ մղում տալով բանակցութեան:
Ասիկա որոշակի, շօշափելի արդիւնքն է գաղտնի երկխօսութեան:
Նոյն ատեն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, արտաքին գործոց նախարար Հիլարի Քլինթըն եւ պաշտօնավարութիւնը աւարտած պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթ Կէյց դրական արտայայտուած են բանակցութեանց մասին:
Եւ Միացեալ Նահանգներ լռելեայն կ՛արտօնեն Թալեպանի բանագնացներուն, ապահովական երաշխիքներով, ճամբորդելու Ծոցի երկիրներ եւ Եւրոպա, որպէսզի երկխօսութիւնը կարելի ըլլայ շարունակել:
Բանակցութիւններու իւրաքանչիւր հանգրուանէ ետք, Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայ տեղեակ կը պահուի բոլոր մանրամասնութիւններուն: Ան զօրակցած է ամերիկացիներուն հետ առանձին, անջատ բանակցութիւն վարելու Թալեպանի փափաքին, նոյնիսկ երբ իր կառավարութիւնը տարբեր մակարդակներու վրայ կը շարունակէ երկխօսութիւնը Թալեպան շարժումին հետ:
Փաքիստանի ղեկավարները նաեւ վերջերս տեղեակ պահուեցան բանակցութիւններուն մասին, թէեւ անոնք կտրուկ կերպով վերապահութիւն արտայայտած էին այդ երկխօսութեան զիրենք չներառելու քայլին հանդէպ:
Փաքիստան եւ Աֆղանիստան բանակցութիւններու անջատ, առանձին հոլովոյթներ կը հետապնդեն, որուն մէջ Քապուլ կ՛ակնկալէ, որ Իսլամապատ արտօնէ Փաքիստան տեղակայուած Թալեպանի մասնակցութիւնը:
Այս երկխօսութեան վերջին փուլը, որ տեղի ունեցաւ Քապուլի մէջ, յունիսի վերջաւորութեան, չյաջողեցաւ մեծ արդիւնք տալ, որովհետեւ փաքիստանցիները տակաւին չեն ուզեր արտօնել Աֆղանիստանի կառավարութեան պաշտօնատարներուն` տեսակցելու Փաքիստան տեղակայուած Թալեպան շարժումի ղեկավարներուն հետ:
Ոչ ալ Փաքիստան կ՛ուզէ ազատ արձակել Մուլլահ Պրէյտըրն ու անոր գործակիցները: Պրէյտըր` Թալեպան շարժումի փոխ առաջնորդը, ձերբակալուած է Փաքիստանի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ, տարի մը առաջ եւ ազատ չէ արձակուած` հակառակ նախագահ Համիտ Քարզայի կրկնուող կոչերուն:
Փաքիստան կրկնակիօրէն կասկածամիտ դարձած է ե՛ւ աֆղաններուն, ե՛ւ ամերիկացիներուն, ե՛ւ Թալեպան շարժումին հանդէպ, որովհետեւ ինքզինք անարգուած կը զգայ ամերիկացիներուն կողմէ, որոնք փաքիստանցիները շրջանցելով` կը հաղորդակցին Թալեպան շարժումի բանագնացներուն հետ:
Միացեալ Նահանգներու եւ Թալեպան շարժումի միջեւ երկխօսութիւնը յառաջընթաց մեծ քայլ մըն է, բայց այժմ կարեւոր է, որ հակամարտութեան բոլոր կողմերը քով-քովի գան եւ միասնական քաղաքականութիւն մը որդեգրեն վերջ տալու համար պատերազմին: Նոյն ատեն, հրամայական է, որ նախագահ Քարզայ կերտէ քաղաքական համաձայնութիւն մը` Աֆղանիստանի մէջ, որպէսզի բանակցութիւնները յաջողին:


