ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ . ՍՏԵՓԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ՊԱՐԳԵՒ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

– ԶԱՆԱԶԱՆ ԱՆՁԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
– ՔՐԻՍՏԻՆԷ ՆԱՃԱՐԵԱՆ`
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻ

Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 21 օգոստոսին իրենց աւարտին հասան Համահայկական 5-րդ խաղերը, որոնք սկսած էին շաբաթ, 13 օգոստոսին:

Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած փակման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան խաղերուն մասնակցողներուն ուղղած ողջոյնի իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ բոլորը` այս հիասքանչ նախաձեռնութիւնը բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ կայացնելու համար: Կը շնորհաւորեմ բոլոր յաղթողները, բայց վստահ եմ, որ այս մարզական նախաձեռնութիւններուն ընթացքին պարտուողներ չեն եղած, որովհետեւ մենք բոլորս հաւաքուած ենք մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, որպէսզի ի հարկէ մրցինք, բայց նաեւ նոր ծանօթներ, նոր ընկերներ ունենանք: Ապրելով աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն, տարբեր բնակավայրերուն մէջ, ունինք մէկ հզօր ընդհանրութիւն` մենք բոլորս հայ ենք»:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ շատ ուրախ է այն փաստէն, որ մասնակցողներէն շատերը ցանկութիւն յայտնած են, որ Համահայկական յաջորդ խաղերը տեղի ունենան ոչ թէ չորս տարի ետք, այլ աւելի կանուխ:

«Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի ճանապարհ: Կը ցանկամ, որ ձեզի հետ տանիք հայրենիքի ջերմութենէն պատառ մը եւ մինչեւ յաջորդ անգամ ձեր Հայաստան գալը այս օրերուն յիշողութիւնները պահէք: Եւ միշտ վստահ եղէք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը մեզի համար ցանկալի անձ է: Կը փափաքիմ նաեւ, որ դուք Հայաստան գաք ոչ միայն Համահայկական խաղերուն առիթով, այլ տարբեր առիթներով ալ», եզրափակեց նախագահը:

Փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեան Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին կողմէ սահմանուած յատուկ մրցանակներ յանձնեց հետեւեալ ձեւով. Լաւագոյն պատուիրակութիւն` Պուէնոս Այրես (Արժանթին), ֆեր-փլէյի մրցանակ` Ուրմիա (Իրան), Մարզական ոգի եւ համբերութիւն ունեցող պատուիրակութիւն` Չալտիր (Ռուսիա), Համահայկական 5-րդ խաղերու յայտնութեան մրցանակ` Սասունի պատուիրակութիւն եւ այս խաղերուն գեղեցկուհի` Քրիստինէ Նաճարեան (Երուսաղէմ):

Փոխգեղեցկուհիներ ընտրուեցան Վերժինէ Տեմիրճեան (Պոլիս) եւ Նարինէ Թոփքալեան (Պուէնոս Այրես): Այս մրցումին մասնակցեցան 22 աղջիկներ:

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի փոխ նախագահ Ստեփան Տէր Պետրոսեան պարգեւատրուեցաւ յատուկ պարգեւով մը` խաղերուն կազմակերպման եւ իրականացման գործին մէջ ունեցած իր մեծ ներդրումին համար:

Նոյնպիսի պարգեւ մը ստացաւ նաեւ Մարսէյ քաղաքի ներկայացուցիչ Հերմինէ Տիւզեան, որ համաշխարհային կոմիտէի անդամ է:

Նշենք, որ նախագահ Սարգսեան կատարեց նաեւ տղոց պասքեթպոլի պարգեւատրումը, որուն ընթացքին Լոս Անճելըս ստացաւ իր մրցանակը` աւարտական մրցումին յաղթելէ ետք Սոչիի (93-86), երկարաձգման ընթացքին:

Ինչ կը վերաբերի մետալներու վերջնական դասաւորման, Երեւան հանդիսացաւ առաջին` տիրանալով 41 մետալի:

Նշենք, որ համահայկական 5-րդ խաղերուն տասը մարզաձեւերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 125 քաղաքներու 3240 մարզիկներ:ր:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES