ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Զօր. Քահուաժիի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի սակրաւորներ Ռաշայա Ֆըխխարի մէջ վնասազերծեցին իսրայէլեան երկու հրասանդային ռումբեր:
ՍՈՒՐԻ եւ Ժապալ Ամելի միւֆթի շէյխ Հասան Ապտալլա շեշտեց, որ Իսրայէլ ամէն առիթ կը շահագործէ` խորացնելու համար պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ տարակարծութիւնները:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ յոյս յայտնեց, որ Լիպիոյ բռնակալ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի տապալումէն ետք կարելի ըլլայ լիպիական բանտերէն ազատ արձակել անհետացած իմամ Մուսա Սատըրը: Ան նկատել տուաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց գրաւը դրած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալման վրայ. ան հաւանական նկատեց իսրայէլեան նոր պատերազմ մը` Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն ընդունեց նախկին նախարար Ալի Ապտալլան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց, որ Իսրայէլ ոչ մէկ ձեւով պիտի յաջողի պարտութեան մատնել արաբ ժողովուրդը` աւելցնելով, որ միջազգային հաստատութիւններուն որոշումին վրայ զետեղուած գրաւը անճիշդ է եւ միշտ ալ ձախող դուրս կու գայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պըտիաուին: Դեսպանին այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ռոպըրթ Ուաթքինզը: Քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական կացութեան վերաբերող հարցեր:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վերաբերող Միջազգային դատական ատեանին ամբաստանագիրը կը բովանդակէ այնպիսի սխալներ եւ բացթողումներ, որոնք արհեստավարժութեան պակասի փաստեր են:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Հըզպալլա առաւելագոյն չափով մտահոգ է` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին քայքայումով:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ «Թայմ» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը երեւակայութեան վրայ հիմնուած հեքիաթ մըն է` աւելցնելով, որ երկրին մէջ գրգռութիւններ հրահրելը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կրնայ վերստին դիմել ապահովական ընտրանքին եւ խախտել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ եւ բողոքած Լասայի մէջ սարկաւագներէն մէկուն խոշտանգումին դէմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի վերադարձաւ Պէյրութ. ան կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներու մէջ:
ՊԸՏՏԱՈՒԻԻ մէջ նախանցեալ երեկոյեան արձանագրուեցան ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատման դէմ բողոքի ցոյցեր: Շրջանին բնակչութիւնը փակեց Պըտտաուիի մայրուղին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաժի Ղարիոս հաստատեց, որ կառավարութիւնը իր այսօրուան նիստին ընթացքին պիտի վաւերացնէ ելեկտրականութեան տագնապին լուծման յատուկ օրինագիծը:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ կառավարութիւնը մանրամասնօրէն կը քննարկէ ելեկտրականութեան տագնապին լուծման նպատակով առաջարկուած օրինագիծը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին պատկանող բուժարաններն ու դարմանատուները նիւթական ծանր տագնապներ կը դիմագրաւեն: