ԸՍՏ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է

Մոհամետ Ամրօ

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ եգիպտական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին «ներկայ հանգրուանին Իսրայէլի մէջ Եգիպտոսի դեսպանին  ներկայութեան կարեւորութիւնը» շեշտեց` աւելցնելով, որ Թել Աւիւի մէջ անոր ներկայութիւնը «Եգիպտոսի շահին համար կենսական է»:

Ամրօ յայտնեց, որ «դեսպանին ներկայութիւնը եգիպտական պատգամները Իսրայէլին փոխանցելու միջոց մըն է, եւ այդ մէկը գործնականին մէջ եւ դրականօրէն արտացոլաց եգիպտացիներուն յստակ ցաւ յայտնելու եւ եգիպտացի բանակայիններուն սպանութեան շուրջ հետաքննութիւն կատարելու համար միացեալ յանձնախումբի կազմութեան պահանջէն 24 ժամ ետք իսրայէլեան դրական պատասխանին մէջ»:

Ինչ կը վերաբերի հետաքննութեան աւարտին ժամկէտ ճշդելու եգիպտական ժողովրդային պահանջին, Ամրօ վստահեցուց, որ «արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակառակ կողմին հետ խօսեցաւ եւ այժմ պատասխանի կը սպասէ»:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ռիտա քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թել Աւիւէն իր հեռանալուն շուրջ որոշում չէ տրուած: Ան ըսաւ, որ ինք Եգիպտոսի նախարարաց խորհուրդին կողմէ տրուած այդպիսի որոշումի մը մասին տեղեակ չէ եւ այդ մասին լսած է միայն լրատուական միջոցներէն:

 

Share this Article
CATEGORIES