«ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՃԳՆԱԺԱՄԵՐՈՒՆ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹՈՅԼԱՏՐԵԼԻ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ
Իրանեան «Իրիպ Նիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Հաղորդակցութեան ընթացքին անոնք քննարկած են շրջանային խնդիրներ: Ահմատինեժատ յայտնած է, որ շրջանային ճգնաժամերուն Արեւմուտքի միջամտութիւնը անթոյլատրելի է:
«Ժողովրդավարութիւնը, ազատութիւնն ու արդարութիւնը ժողովուրդին իրաւունքն է: Սակայն շրջանային հոլովոյթներուն միջամտելու համար տիրակալութիւն կատարող երկիրներուն կողմէ այս գործօնի օգտագործումը միայն կը վատթարացնէ իրավիճակը», ըսած է Իրանի նախագահը:
Ան հաստատած է «շրջանին մէջ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատման համար» Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան Իրանի պատրաստակամութիւնը:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան Ահմատինեժատի հետ քննարկած է երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները:
«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Էրտողանի` Պոսֆորի կամուրջէն անցնելուն ընթացքին անոր շքախումբը մէկ կողմ կանգնած է, որպէսզի Էրտողան Ահմատինեժատի հետ 40 վայրկեան տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենայ:


