ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՏԱՊԱԼՈՒՄԸ

Միջազգային ընտանիքը ողջունեց Մոամմար Քազզաֆիի վարչակարգին տապալումը` լիպիացի ըմբոստներուն մայրաքաղաք Թրիփոլի մուտքով անոր որդիին` Սէյֆուլ Իսլամի ձերբակալութենէն եւ եղբօր` Սայիտի անձնատուր ըլլալէն ետք, սակայն ըմբոստներուն կոչ ուղղեց` վրէժխնդրական արարքներու չդիմելու, ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ յետքազզաֆի Լիպիոյ ապագան  ծրագրելու:

Հարաւային Ափրիկէ յայտնեց, որ Քազզաֆիի Լիպիայէն հեռանալուն պիտի չօժանդակէ: Բրիտանիա նշեց, որ Քազզաֆի անմիջապէս եւ առանց նախապայմանի պէտք է դադրեցնէ կռիւը: Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտարարեց, որ ինք կը փափաքի, որ Քազզաֆի միջազգային քրէական դատարանին առջեւ կանգնի, սակայն անոր ճակատագիրը լիպիացի ըմբոստներուն ձեռքն է:

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ըսաւ, թէ Քազզաֆի պէտք է յաւելեալ արիւնահեղութիւնը կանխարգիլէ եւ իր ուժերուն հրամայէ կռիւը դադրեցնելով զէնքերը յանձնել եւ ենթարկուիլ «օրինական իշխանութիւններուն»: Սարքոզի յայտնեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ Ազգային փոխանցման խորհուրդին իր օժանդակութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ իշխանութեան փոխանցումը վերջ տայ  արիւնահեղութեան: Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի Քազզաֆիին կոչ ուղղեց դիմադրութեան վերջ տալու, իսկ ըմբոստներուն` վրէժխնդրական արարքներու չդիմելու:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթընի բանբեր Մայքըլ Ման յայտնեց, որ յետքազզաֆի ժամանակաշրջանի ծրագրումը կը կատարուի: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիպիոյ կոչ ուղղեց յարգելու ժողովուրդին կամքը` յոյս յայտնելով, որ այդ մէկը Լիպիոյ մէջ կացութեան կայունացման առաջնորդէ:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ամրօ յայտնեց, որ Գահիրէ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդին ներկայացուցած նոր վարչակարգը կը ճանչնայ: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ լիկան Ազգային փոխանցման խորհուրդին իր ամբողջական համակրանքը կը յայտնէ: Յորդանան յոյս յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ արագ եւ խաղաղ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ:

Մինչ այդ, Սուրիոյ եւ Քուէյթի մէջ Լիպիոյ դեսպանները Քազզաֆիի հետ իրենց կապերը խզելով միացան ըմբոստութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES