ԲԱՐԲԱՐՈՍԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ` ԹԻՖԼԻՍԻ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎՐԱՅ

Բարբարոսական յարձակում մը կատարուած է Թիֆլիսի հայկական Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ վրայ, զոր 2 ամիս առաջ վերաօծած էր Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` Վրաստան կատարած հովուապետական այցելութեան ժամանակ:

19 օգոստոսի երեկոյեան մօտաւորապէս ժամը 4:00-ին, Թիֆլիսի մէջ Հաւլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցի մտած են ազգութեամբ վրացի 2 երիտասարդներ, ամենայն հաւանականութեամբ` գինովցած վիճակին մէջ,  եւ լկտի ու անյարգալից պատուածք դրսեւորած են: Հոգեւոր հայրերը այդ ժամանակ բացակայ եղած են եկեղեցիէն: Եկեղեցիին մէջ կը գտնուէին միայն 2 կին աշխատակիցները, մոմավաճառը եւ հաւաքարարը:

Երիտասարդներէն մէկը յատկապէս շատ անյարգալից վարուած էր: Ան մօտեցած էր խորանին մօտ դրուած Ս. Գիրքին, սկսած էր կոպիտ շարժումներով թերթել զայն, որուն հետեւանքով էջերէն մէկը պոկուած է: Չբաւարարուելով այս ամէնով, ան բազմած է եպիսկոպոսական գահին: Եկեղեցւոյ մէջ գտնուող կիները փորձած են կարգի հրաւիրել սանձարձակը եւ դուրս դրած են երիտասարդները: Անոնք պոկած են եկեղեցւոյ դռներէն կախուած յայտարարութիւնները եւ ցուցադրաբար այրած են զանոնք:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան տեղեկացուց, որ իրենք ոստիկանութեան դիմած են: Հարկ է նշել, որ պատժելու առնուազն 2 արարք կարելի է արձանագրել այս դէպքին գծով` հոգեւոր տաճարի պղծում եւ հաւատքի նկատմամբ վիրաւորանք, ինչպէս նաեւ խուլիկանութիւն: Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանը կը պատրաստուի դիմել Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան եւ պետական այլ կառոյցներու, ինչպէս նաեւ բողոքի նամակ փոխանցել Վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ:

Վազգէն սրբազանը յայտնեց, որ վրացի երիտասարդներուն այս արարքը հետեւանքն է 5 յուլիսին Վրաստանի օրէնսդրութեան մէջ կատարուած փոփոխութեան, ինչ որ կը նախատեսէ իրաւական կարգավիճակ տալ երկրին կրօնական փոքրամասնութիւններուն: Անկէ ետք սկիզբ առաւ հակահայկական շարժում մը, որ մինչեւ այսօր չի դադրիր:

Վրացական մամուլը եւ պատկերասփիւռի կայանները առանձնայատուկ տեղ կը յատկացնեն հայկական նիւթերով յօդուածներուն եւ հաղորդումներուն: Վիրահայոց թեմի առաջնորդը նշեց, որ ասիկա արդիւնք է նաեւ վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ որոշ հոգեւորականներու ծայրայեղ եւ ազգայնամոլ քարոզչութեան, որուն հետեւանքները վիրահայութիւնը կը զգայ նաեւ կենցաղային մակարդակի վրայ:

Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուածին առնչութեամբ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմը յառաջիկային պիտի հրապարակէ յայտարարութիւն մը: Մինչ այդ կատարուածին մասին բանաւոր կերպով հաղորդուած է Վրաստանի հանրային պաշտպանին: Նշենք, որ ամիս մը առաջ Հաւլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող պանդոկի պատին վրայ անյայտ մարդիկ հայերու հասցէին հայհոյանքներ գրած էին: Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքը:

Share this Article
CATEGORIES