ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ ԿԻՆԸ ԻՖԹԱՐՈՎ ՄԸ ՊԱՏՈՒԵՑ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ը
Իսլամական Ռամատան ամսուան առիթով, համաձայն յիշեալ կրօնի օրէնքներուն, մարդասիրական ծառայութիւն ցուցաբերելու նպատակով, երկուշաբթի, 22 օգոստոս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանի վարչապետին կինը` Մէյ Նեժիպ Միքաթի, Իֆթարի ընթրիք սարքեց վարչապետարանի շքեղ ճաշասրահին մէջ, որուն մասնակից դարձան Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր որբանոցներն ու բարեսիրական հաստատութիւններու պատսպարեալները` ամէն համայնքէ:
Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց մարդասիրական առաքելութեամբ կը նպաստեն կարօտեալ մանուկներու կենսամակարդակի բարելաւման:
Վերոյիշեալ ընթրիքին մասնակցելու հրաւէր ստացած ըլլալով` «Թռչնոց բոյն»ի աշակերտները ներկայ գտնուեցան, գլխաւորութեամբ հոգեւոր տեսուչ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի եւ տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանի: Ճաշկերոյթի ընթացքին Մէյ Միքաթի իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր բարեսիրական միութիւններու եւ յատկապէս որբանոցներու պատասխանատու մարմիններուն` այն կարեւոր առաքելութեան համար, զոր ստանձնած են Լիբանանի ամբողջ տարածքին:
Յայտագիրին ընթացքին գործադրուեցան նաեւ մանուկները զուարճացնող ծրագիրներ` մանկական խաղեր, թատերական ներկայացումներ եւ մանկական երգահանդէս:
Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, Մէյ Միքաթիին շնորհակալութիւն յայտնեց այն ուշադրութեան համար, զոր ան տածած էր հանդէպ «Թռչնոց բոյն»ին` անմասն չձգելով հայ մանուկները Լիբանանի բարձրագոյն մակարդակի գուրգուրանքի արտայայտութիւն եղող սոյն հրաւէրէն:

