ԸՍՏ «ՃԻՀԱՆ»Ի «ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍԼԱՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՏԵՂՄԱՆ ՕՐԻՆԱԿ Է» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

Սերկէյ Լաւրով

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական պատկերասփիւռի կայաններէն մէկէն անդրադառնալով Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` յայտարարած է, որ իսլամութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը համատեղելի են, եւ ասոր վառ օրինակը Թուրքիան է:

Ընդգծելով, որ այդ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ որեւէ առնչութիւն չունին իսլամական արմատական խմբաւորումները, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է. «Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի զարգացումներուն հիմնական ուժը ուսեալ երիտասարդութիւնն է: Այդ երկիրներուն մէջ ընդդիմութեան կողմէ հնչող կարգախօսները կապուած են իշխանութեան, վարչակարգի փոփոխութեան հետ: Իսկ այդ փոփոխութիւնը կը նախատեսուի իրականացնել ոչ թէ իսլամական օրէնքներով, այլ ժողովրդավարական միջոցներով:

«Միջին Արեւելքի իւրաքանչիւր երկրի մէջ իսլամական ուժեր կան: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անոնք ալ պիտի փորձեն իրենց դիրքերը ամրապնդել: Սակայն ես չեմ ուզեր զգայացունց դարձնել իրավիճակը: Փորձը ցոյց կու տայ, որ իսլամութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը համատեղելի են, որուն վառ օրինակը Թուրքիան է», ըսած է Լաւրով:

 

Share this Article
CATEGORIES