ՃԱՓՈՆԱԿԱՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՅԹՈՒՄ
Ուրբաթ օր Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին եւ ծովաշարժին (ցունամի) պատճառով վնասուած հիւլէական կայանին մէջ երէկ առաւօտեան դարձեալ պայթում տեղի ունեցած է:
Ճափոնական իշխանութիւնները կը հաւաստեն, որ Ֆուքուշիմա հիւլէական կայանի 3-րդ հնոցին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով հնոցին միջուկը պաշտպանող պատը չէ վնասուած, սակայն 6 հոգի վիրաւորուած է:
Շաբաթ օր պայթում տեղի ունեցած է նաեւ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյէն 240 քիլոմեթր հիւսիս գտնուող Ֆուքուշիմա հիւլէական կայանի առաջին հնոցին մէջ. պայթումին պատճառով հնոցի տանիքը եւ արտաքին պատը քանդուած էին:
Իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ թէեւ հիւլէական կայանին մէջ շողարձակումի մակարդակը բնականէն բարձր է, սակայն մարդոց առողջութեան «անմիջական վտանգ» չի սպառնար:
Ճափոնի վարչապետ Նաոթօ Քան ըսած է, որ հիւլէական կայանին մէջ իրավիճակը կը մնայ իշխանութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը եւ բոլոր քայլերը կը ձեռնարկուին սպառնացող վտանգը չէզոքացնելու համար:
Ընդհանուր առմամբ, երկրաշարժի եւ ծովաշարժի զոհերուն թիւը շրջանցած է տասը հազարը: Երկրաշարժն ու ծովաշարժը բառացիօրէն երկրին երեսէն սրբած են ամբողջ գիւղեր ու քաղաքներ, 300 հազար մարդ հեռացած է իր բնակավայրէն:
Ճափոնի օդերեւութաբանական գործակալութիւնը չի բացառեր, որ յառաջիկայ օրերուն մինչեւ 7 ռիխթըրի ուժգնութեամբ յետցնցումներ տեղի կրնան ունենալ, մինչ աւելի թոյլ յետցնցումներ ամէն օր տեղի կ՛ունենան: Միւս կողմէ, հարաւարեւմտեան Ճափոնի Քիուշու կղզիին վրայ գտնուող Շինմոետաքէ հրաբուխը երկու շաբթուան յարաբերական հանդարտութենէ ետք այս տարուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով ժայթքեցաւ:
Աղէտը մեծ հարուած հասցուց Ճափոնի տնտեսութեան, որ աշխարհի վրայ իր ծաւալով երրորդ դիրքը կը գրաւէ: Սակարանին մէջ «Սոնի» եւ «Թոյոթա մոթոր» ընկերութիւններու բաժնետոմսերուն գիները կտրուկ անկում կրեցին: