ՔԱՄՊՈՏԻՈՅ ԿԱՐՄԻՐ ԽՄԵՐՆԵՐՈՒ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ` ՇՓՈԹԱՀԱՐ

Շուրջ 2 միլիոն մարդ մահացաւ 1970-ականներու վերջաւորութեան, երբ Փոլ Փոթ եւ իր ընկերները տիրապետեցին երկրին
Ասիկա լուռ գոհացումի ժամանակը պէտք էր ըլլար Կարմիր խմերներու դատավարութեան համար:
Փոլ Փոթի ոճրային կառավարութեան ամէնէն բարձրաստիճան, տակաւին ապրող չորս ղեկավարներ ամբաստանուած են ցեղասպանութեան յանցանքի համար:
Յունիսի վերջին շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած դատական նախնական լսումը զբաղեցաւ թեքնիք հարցերով եւ օրինական խնդիրներով: Պաշտօնական դատավարութիւնը քանի մը ամիսէն պիտի սկսի:
Հոլովոյթին-քննադատներն իսկ համաձայն են, որ ասիկա դատավարութեան «սիրտն» է, բանալով այն կարելիութիւնը, թէ քամպոտիացիները կրնան ի վերջոյ գտնել Կարմիր խմերներու վայրագ քաղաքականութեանց դրդապատճառները:
Ասիկա կը յաջորդէ ատեանի առաջին դատավարութեան, որուն ընթացքին Կարմիր Խմերներու նախկին բանտապետ Տաչ յանցաւոր հռչակուեցաւ մարդկութեան դէմ գործած ոճիրներուն համար եւ 35 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:
Շուրջ 2 միլիոն մարդ մահացաւ 1970-ականներու վերջաւորութեան, երբ Փոլ Փոթ եւ իր ընկերները տիրապետեցին երկրին: Անոնք ժողովուրդը տարհանեցին քաղաքներէն եւ դէպի գիւղերը աքսորի ճամբուն վրայ ողջ մնացածներուն պարտադրեցին աշխատիլ բրինձի ցանքերուն մէջ: Շատեր մահացան թերի սնունդի պատճառով, ուրիշներ սպաննուեցան իբրեւ «յեղափոխութեան թշնամիներ»:
Ցեղասպանութեան վերջին դատավարութիւնը կոչուած է ըլլալու ցուցանիշ` ատեանին շատ պարծենկոտ, «խառնածին» համակարգին, որ կ՛արտօնէ Քամպոտիոյ դատաւորներուն եւ իրաւաբաններուն աշխատելու ՄԱԿ-ի նշանակած միջազգային պաշտօնատարներուն հետ:
Ատիկա միտուած է ըլլալու ապագայ միջազգային ոճրադատ ատեաններու համար տիպար չափանիշ մը, ծախսերը նուազեցնելով, մինչ ամրապնդելով տխրահռչակ թոյլ տեղական դատական, իշխանութիւնները` զանոնք ենթարկելով արդարութեան միջազգային չափանիշներուն:
Սակայն տօնակատարութիւն չկայ Փնոմ Փենի արուարձաններուն մէջ գտնուող փոշոտ համալիրին մէջ, ուր կը գտնուի դատարանը: Փոխարէնը կայ հաստատութեան ճգնաժամի զգացողութիւնը:
Ատեանի խորհրդատու մը կոչ ըրաւ հետաքննելու անփութութեան եւ դատական անկախութեան խախտումներուն վերաբերող պնդումները:
Զոհերու կազմակերպութիւն մը պահանջեց ՄԱԿ-ի նշանակած բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հրաժարականը: Շարք մը միջազգային անձնակազմեր ոճիրներու հետաքննութեան ձեւերէն այնքան սոսկացին, որ իբրեւ բողոք` հրաժարեցան:
Խնդիրը յառաջիկայ երկրորդ դատավարութիւնը չէ, այլ` առաջարկուած երրորդ գործը, հայցը:
Միջազգային դատախազը յայտնաբերեց ինքնութիւնները երկու կասկածելիներու, որոնք մեղսակից են տասնեակ հազարաւորներու մահուան: Սակայն հետաքննող դատաւորները փակեցին իրենց հարցաքննութիւնը` առանց այնքան շատ հարցումներ ուղղելու կասկածելիներուն եւ, անշուշտ, բերման չենթարկելով զանոնք:
Տարակարծութիւնը հրապարակային դարձաւ բրիտանացի դատախազ Անտրիւ Քայլիի եւ գերմանացի հետաքննող դատաւոր Սիկֆրիտ Պլանքի գլխաւոր դերակատարութեամբ: Քայլի դատաւորներուն կոչ ըրաւ յաւելեալ հետաքննութիւններու եւ անուանեց վայրագութիւններու քանի մը վայրեր:
Ան Պի. Պի. Սի.-ին ըսաւ, թէ կենսական է, որ այս երրորդ հայցը լուրջի առնուի:
«Ատիկա կ՛ազդէ այս հաստատութեան ուղղամտութեան, արդարամտութեան: Անհրաժեշտ է, որ հետաքննութիւնը պատշաճ կերպով ըլլայ: Արդարութիւնը ոչ միայն պէտք է գործադրել, այլեւ պէտք է անկասկած տեսնուի, որ կը գործադրուի: Եւ ես կը հաւատամ, որ եթէ այդպէս չըլլայ, լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ դատարանին վրայ` իբրեւ ամբողջութիւն»:
Դատաւորները պատասխանեցին, հակադարձեցին շարք մը յայտարարութիւններով: Անոնք հրահանգեցին Քայլիի` յետս կոչելու, իրենց խօսքով, ու գաղտնի տեղեկութիւնը»: Անոնք զգուշացուցին, որ պիտի պատժեն «անձնակազմի անհաւատարիմ անդամը», որ ենթադրաբար սպրդեցուցած է տեղեկութիւնը: Անոնք նաեւ «ողջունեցին» հրաժարականը միջազգային անձնակազմին, որ տարակարծիք էր հետաքննութեան մօտեցումին: Հրաժարողներէն մէկը ակնարկեց «փոխադարձ անվստահութեան թունաւոր մթնոլորտին` արհեստավարժօրէն անգործ գրասենեակի մը մէջ»:
Պլանք նաեւ կշտամբեց լրագրող մը, որ հարցուց, թէ արդեօ՞ք դատաւորները կը փորձեն «թաղել» երրորդ գործը, հայցը: Պլանք ըսաւ. «Թաղել բառին օգտագործումը ամբարտաւանութիւն է, որուն համար ձեզի կը տրուի երկու օր` ներում հայցելու»:
ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ
Այս բոլորին յաջորդեց երկար ատենէ դատական ատեանին հետեւողներուն կասկածամտութեան աճող զգացումը:
«Միայն երկու հաւանական պատասխաններ կան այս ամբողջ քաոսին եւ աճպարարութեան. կա՛մ հետաքննիչ դատաւորները իբրեւ մասնագէտներ եւ արհեստավարժներ անատակ են, կա՛մ ալ անոնք քաղաքական ճնշումի կ՛ենթարկուին: Որեւէ պարագայի, անհրաժեշտ է պատշաճ հետաքննութիւն», ըսաւ Ու Վիրաք` Մարդկային իրաւանց քամպոտիական կեդրոնի տնօրէնը:
Զոհերու ընկերակցութեան ղեկավարը` Թերի Սինկ, հրաժարելու կոչ ըրաւ Պլանքի, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի նշանակած ատեանի գլխաւոր վարչական պատասխանատուին:
«Մենք կը սպասէինք եւ վստահեցանք ՄԱԿ-ի անձնակազմին, որպէսզի դատարանին մէջ արդարութեան որակը բարձրացնէ միջազգային չափանիշներու: Բայց այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, խաբէութիւն է, նենգութիւն` ՄԱԿ-ի մեղսակցութեամբ, ՄԱԿ-ի պատուանշանը անոր վրայ», ըսաւ ան Պի.Պի.Սի.-ին:
Միացեալ Նահանգներ տեղակայուած «Արդարութեան նախաձեռնութեան բաց ընկերակցութիւն» կազմակերպութիւնը, որ Փնոմ Փենի իր գրասենեակին միջոցով կը հետեւի դատական ատեանին, յաւելեալ ահազանգ հնչեցուց: Իր վերջին զեկոյցին մէջ ան ըսաւ. «Դատական ատեանի գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ դատավարութեան արդիւնքը կանխորոշուած է եւ դատաւորները կը մերժեն հաւաքել փաստեր, կամ հետաքննել զանոնք»:
ՄԱԿ-ի պատասխանը նոյնիսկ աւելի զարմանալի թուեցաւ: Յայտարարութեան մը մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին բանբերը հերքեց «տեղեկատուական մարզի վարկածները, շահարկումները, թէ ինք դատաւորներուն հրահանգած է խափանել երրորդ հայցը»:
Անգլիատառ «Քամպոտիըն Տէյլի» օրաթերթը նշեց, որ եթէ նոյնիսկ այդպիսի պնդումներ ըլլային, ատոնք լայնօրէն պիտի չհրատարակուէին:
Երրորդ հայցին ճակատագիրը, հաւանական չորրորդին հետ, կը մնայ չորոշուած: Բայց ամբողջ հարցը, գործը վնասակար եղաւ:
Քաղաքական ճնշումը միշտ եղած է յատուկ ատեաններու բնանկարը: Քամպոտիոյ կառավարութիւնը միշտ կրկնած է, թէ ինք կ՛ուզէ, որ հոլովոյթը աւարտի երկրորդ դատավարութենէն ետք:
Բայց զոհերու կազմակերպութիւններն ու մարդկային իրաւանց պաշտպան խմբակներ կը յուսան, որ միջազգային պաշտօնատարներու ներկայութիւնը պիտի ապահովէ հաստատութեան ուղղամտութիւնը, արդարադատութիւնը: Այժմ անոնք կ՛ուզեն գիտնալ, թէ արդեօք դատավարութեան ծախսերը հոգացող երկիրները յոգնա՞ծ են դրամ յատկացնելէ եւ ե՞լք մը կը փնտռեն:
Ամէնէն մեծ մտահոգութիւնը այն է, որ արդեօ՞ք այս ամբողջ վէճը ստուերի մէջ պիտի ձգէ Կարմիր խմբերներու երէց ղեկավարներու դատավարութիւնը:
ԿԱՅ ՏԸ ԼՈՆԷՅ
«Պի.Պի.Պի.»