ՄՈՒՐԻՆԻՕ ՄՏԱԴԻՐ Է ԼՔԵԼ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԸ
Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Խոսէ Մուրինիօ կրնայ լքել ակումբը:
Փորթուգալցի ներկայացուցիչ Էլատիօ Փարամես յայտարարած է, որ Մուրինիօ դժգոհ է, որովհետեւ ակումբը իրեն չ՛աջակցիր վերջին իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:
Մօտիկ ապագային Մուրինիօ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ իր ապագային մասին:
Նշենք, որ Սպանիոյ գերբաժակի հանդիպումէն ետք մարզիչը սկսած են քննադատել նոյնիսկ մատրիտեան հանդիսատեսը եւ մամուլը:
Մատրիտեան պարբերականի մը հարցախոյզին իբրեւ արդիւնք, հարցախոյզի մասնակիցներուն 85 առ հարիւրը համաձայնած են Պարսելոնայի ֆութպոլիստներուն հետ, թէ Մուրինիօ կը խայտառակէ սպանական ֆութպոլը:
Մրցումին վերջին վայրկեաններուն Մուրինիօ միջամտած է խաղցողներուն միջեւ ծագած վէճին եւ մատը մտցուցած է հակառակորդ խումբի մարզիչի օգնական Թիթօ Վիլանովայի աչքին մէջ: Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը յայտարարած է, որ չի պատրաստուիր պաշտօնական բողոք ներկայացնելու փորթուգալցի մարզիչին դէմ:

